Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԶո­ւի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Պեռ­նի մէջ ­Դեկ­տեմ­բեր 19ին կա­յա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ սպա­սո­ւած հան­դի­պու­մը։ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը տե­ւած է մէկ ժա­մէ ա­ւե­լի: Այս մա­սին գրած է Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­

խա­գահ ­Ճէյմս Ո­ւոր­լիք, Twitterի իր պլո­կի վրայ: «Ա­յո՛, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն երկ­խօ­սու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի մէկ ժա­մէն ա­ւե­լի»,- հաղոր­դած էր ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հի մա­մու­լի խօս­նակ Վ­լա­դի­միր ­Յա­կո­բեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ­ՍարգսԵա­նի եւ Ա­լիե­ւի ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցած է փակ դռնե­րու ե­տեւ։ Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն յե­տոյ ներս հրա­ւի­րո­ւած են հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ զոյգ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը: Այդ ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պու­մը տե­ւած է մօտ 40 րո­պէ:

­Յա­կո­բեան հա­ղոր­դած է, որ բազ­մա­կողմ հան­դիպ­ման ա­ւար­տէն ետք Ա­լիեւ հե­ռա­ցած է, իսկ ­Սարգ­սեա­ն շա­րու­նա­կած է շփու­մը հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հետ:

­Հան­դի­պու­մը սկսած էր Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր ­Պո­պո­վի (­Ռու­սաս­տան), ­Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի (Ա.Մ.Ն.), ­Փիեռ Անտ­րիո­յի (Ֆ­րան­սա) եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ջէյ ­Կասպր­շի­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ:

­Պեռ­նի մէջ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան հան­դի­պած է նաեւ ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց դաշ­նա­յին բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար ­Դիդ­յէ ­Պուրկ­հալ­տե­րի հետ:

­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է շփման գի­ծին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թեան սաստ­կաց­ման մթնո­լոր­տին մէջ:

Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան յայտ­նած է, որ ­Դեկ­տեմ­բեր 19ի գի­շե­րը հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վ­րայ կացութիւնը կրկին ե­ղած է չա­փա­զանց լա­րո­ւած: ­Կի­րար­կո­ւած են հրե­տա­նա­յին մի­ջոց­ներ, թան­կեր, յետ են մղո­ւած քա­նի մը խա­փա­նա­րա­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ: