-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-

Եւրոպական Յանձնաժողովը վաւերացուցած է Հայաստանի օժանդակութեան նոր ծրագիր մը՝ 30 միլիոն եւրօ արժողութեամբ: Եւրոպական Յանձնաժողովին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ծրագիրը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ աշխատանքային աւելի լաւ կարելիութիւններու ստեղծման, երկրի ելեւմտական կառա վարման ամրապնդման, որոշումներու կայացման ժողովրդավարական հոլովոյթին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան բարելաւման: 15 միլիոն եւրօ արժողութեամբ «Աւելի լաւ որակաւորումներ՝ աւելի լաւ աշխատատեղերու համար» գործողութիւններու ծրագիրը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ հայաստանեան աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան, աշխատուժի աշխատունակութեան բարձրացման` յատուկ ուշադրութիւն ընծայելով գիւղատնտեսութեան մարզին: Յաւելեալ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի «Հանրային ելեւմտական կառավարման քաղաքականութեան բարեփոխումներու ծրագիր»ին, որ ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ հանրային ծախսերու հաշուետուականութեան, թափանցիկութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման՝ զանոնք համապատասխանեցնելով միջազգային չափանիշներուն եւ փորձառութեան: Եւրոպական Յանձնաժողովին աջակցութեամբ իրականացուող երրորդ ծրագիրը պիտի վերաբերի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ամրապնդման՝ նպաստելով անոնց մասնակցութեան, որոշումներու կայացման ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մէջ: Այս ծրագիրին համար յատկացուած է 5 միլիոն եւրօ: