Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ե­ռաբ­լու­րի հե­րո­սա­կան բար­ձուն­քին վրայ, 16 Դեկ­տեմ­բե­րին, հա­ւա­քո­ւած էին ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ Վար­դան Բախ­շեա­նի եւ Ար­թուր Ղա­րի­բեա­նի մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րը եւ հա­րա­զատ­նե­րը։ 16 Դեկ­տեմ­բեր 1991ին Վար­դան Բաշ­խեան նա­հա­տա­կո­ւած է Հա­սա­նա­բա­դի մար­տին, իսկ նոյն օ­րը՝ Ար­թուր Ղա­րի­բեան կը դառ­նար

48 տա­րե­կան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍ­Կի Ե­րե­ւա­նի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վի­գէն Յով­հան­նի­սեան Վար­դան Բախ­շեա­նին ծա­նօ­թա­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ սկաու­տու­թեան վե­րա­հիմ­նադ­րու­թեան տա­րի­նե­րուն։ Ան կը վկա­յէ, որ ինք նոյն­պէս դաս­տիա­րա­կո­ւած է Վար­դա­նի պատ­մու­թիւն­նե­րով:

«Այն տղեր­քից էր, որ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան մէջ կա­րե­ւո­րում էր սե­րունդ­նե­րի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը: Կա­րող էր նստել սկաու­տա­կան շարժ­ման գրա­սե­նեակ­նե­րում, պտը­տել աշ­խար­հով մէկ՝ յա­նուն սե­րունդ­նե­րի դաս­տիա­րա­կու­թեան: Բայց նա­խընտ­րեց այս ճա­նա­պար­հը՝ սե­փա­կան օ­րի­նա­կա­նով մեկ­նեց մար­տի դաշտ, պայ­քա­րեց եւ հե­րո­սա­բար զո­հո­ւեց»,- դի­տել տո­ւած է Վի­գէն Յով­հան­նի­սեան:

Ար­թուր Ղա­րի­բեան մար­տի դաշտ գնաց այն տա­րի­նե­րուն, երբ ինք Գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան հիմ­նար­կի վեր­ջին տա­րո­ւան ու­սա­նող էր: 1992 թո­ւա­կա­նի Մար­տա­կեր­տի կռիւ­նե­րուն զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տի­կին մա­սին ա­նոր ու­սու­ցիչ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ ե­թէ ողջ մնար՝ «ան­մա­հա­նա­լու էր որ­պէս ա­րո­ւես­տա­գէտ»: