Փանոս Քամէնոս.- «Հայաստան եւ Յունաստան՝ ապահովութեան երաշխաւորներ տարածաշրջանին մէջ»
Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամէնոս երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ
Հայաստանի իր պաշտօնակից Սէյրան Օհանեանի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարտ Նալբանդեանի հետ։
Փանոս Քամէնոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի ցամաքային զօրքերու «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանէն վկայուած հայ սպաներու հետ։
Սէյրան Օհանեանի հետ հանդիպումէն ետք, Փանոս Քամէնոս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերուն, շատ ջերմ ու սիրալիր ընդունելութեան համար։ Ան դիտել տուաւ, թէ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը երբեք օտարի զգացում չ՚ունենար Հայաստանի մէջ, ինչպէս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը երբեք օտար չի զգար Յունաստանի մէջ։
«Մեր երկու ազգերու պատմութիւնը՝ նոյն դաշոյնով թափուած արեամբ գրուած է։ Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Յոյն պոնտոսցիներու ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, մենք միասնաբար կը յառաջանանք, համատեղ միջոցառումներով, որովհետեւ մահուան դատապարտուած են այն ազգերը, որոնք իրենց պատմութիւնը կը մոռնան»։
Փանոս Քամէնոս շարունակեց ըսելով, թէ յառաջընթացի նոր իրականութեան մէջ Հայաստան եւ Յունաստան կը շարունակեն մարտահրաւէրներ դիմակայել, իրենց տարածաշրջաններէն ներս։ «Յունաստան կը շարունակէ իր օդային եւ ծովային սահմաններու խախտումներ տեսնել Թուրքիոյ Զինուած Ուժերուն կողմէ։ Կիպրոսի կէսը գրաւուած կը շարունակէ մնալ թրքական գրաւման ուժերուն կողմէ։
Այսուհանդերձ, Յունաստանի Զինուած Ուժերը իրենց գերազանց դաստիարակութեան, երկու երկիրներու միջեւ սպաներու վերապատրաստման եւ ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի հետ գերազանց յարաբերութիւններուն շնորհիւ՝ ընդհանուր տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը երաշխաւորող ուժեր են։ Ինչպէս մեր երկու ազգերը եղբայրակից կապերով իրարու կապուած կը մնան, նոյնպէս մեր Զինուած Ուժերը եղբայրակից են»,- ըսաւ ան։
Փանոս Քամէնոս յայտնեց, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը կ'ընդլայնի պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզէն ներս։ «Այս համագործակցութիւնը պիտի օգնէ մեր երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ անշուշտ՝ մեր երկիրներու Զինուած Ուժերու միջեւ յաւելեալ համագործակցութեան»։
Փանոս Քամէնոս շնորհակալութիւն յայտնեց Սէյրան Օհանեանին, տարածաշրջանի խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի առնչուած հարցերուն շուրջ իրազեկման վերաբերեալ։ Ան ըսաւ, թէ «ահաբեկչութիւնը, մասնաւորապէս իսլամական արմատականութիւնը, բոլոր ազատ երկիրներու թշնամին է։ Մենք պէտք է զօրացնենք մեր համագործակցութիւնը եւ ձեւաւորենք այնպիսի պայմաններ, ուր պատերազմի պատրաստուելով՝ ապահովենք խաղաղութիւնը։ Կը հաւատամ, որ կրնանք յաջողութեան հասնիլ»,- ըսած է Փանոս Քամէնոս։
Հայաստանն ու Յունաստանը կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին աջակցութիւնն ու ռուսական օդանաւը վար առնելու քայլը
Իր կարգին շրջանային անվտանգութեան հարցը քննարկելով՝ Սէյրան Օհանեան յայտնած է,- «Մենք ունինք դրացիներ, որոնք կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇին: Մենք կը դատապարտենք մեր ռազմավարական գործընկերոջ դէմ ուղղուած Թուրքիոյ գործողութիւնները:Մենք կը կարծենք, թէ Թուրքիոյ ընդյատակեայ գործունէութիւնը թոյլ չի տար իրականացնելու միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ճշդուած ծրագիրները»:
Ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիա յաճախ կը խախտէ Յունաստանի հետ օդային սահմանը, եղած են նաեւ Հայաստանի սահմանը խախտելու փորձեր, եւ յիշեալ երկու պետութիւնները հանդուրժողականութիւն ցուցաբերած են այդ քայլերուն նկատմամբ, հետեւաբար Թուրքիան ալ հանդուրժողականութիւն պէտք է ցուցաբերէր, յատկապէս երբ ռուսական պատերազմական օդանաւը Թուրքիոյ օդային սահմանը չէր անցած:
Փանոս Քամէնոս իր կարգին դատապարտած է ՏԱՀԵՇին աջակցելուԹուրքիոյ քայլերը` շեշտելով, որ Թուրքիա չկրցաւ ապացուցել, թէ ռուսական օդանաւը հատած է թրքական պետական օդային սահմանը: