Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱ­ռանց Թուր­քիոյ հա­մա­ձայ­նու­թեան ու յու­շա­րա­րու­թեան, Ատր­պէյ­ճա­նի հրա­սայ­լը հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ չէր կրա­կեր: «Ար­մենփ­րես»ի մա­մու­լի սրա­հին մէջ հրա­ւի­րո­ւած ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ, նման կար­ծիք յայտ­նած է քա­ղա­քա­գէտ Ա­լեք­սանդր Մա­նա­սեան: Ա­նոր խօս­քով՝ Ատր­պէյ­ճան ինք­նու­րոյն դե­րա­ կա­տար չէ, ա­նոր վար­քը հասկ­նա­լու հա­մար պէտք է հասկ­նալ, թէ Թուր­քիա տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի՛նչ ու­ղե­գիծ որ­դեգ­րած է:

«Դ­րան նա­խոր­դած սահ­մա­նա­յին դէպ­քե­րը, այդ նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մա­տեքս­տում պէտք է դի­տար­կել: Տա­րի­ներ շա­րու­նակ, երբ սահ­մա­նին լա­րուա­ծու­թիւն է պահ­ւում, դա չի կա­րող չլի­նել ծրագ­րա­ւորուած եր­կա­րա­ժամ­կէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մաս»,- ը­սած է քա­ղա­քա­գէ­տը: Ըստ ա­նոր` Թուր­քիոյ կող­մէ ռու­սա­կան «­Սու 24»ը հա­րո­ւա­ծե­լէն ետք, ակըն­յայտ է, որ սահ­մա­նա­յին այս մի­ջա­դէ­պե­րը նաեւ Ռու­սիոյ դէմ ուղ­ղո­ւած են: Ար­դեօ՞ք Ատրպէյ­ճան այն վի­ճա­կի մէջ է, որ դուրս գայ Ռու­սիոյ դէմ. ի վեր­ջոյ, կան ներ­քին լուրջ խնդիր­ներ, բա­խում­ներ, ըն­կե­րա­յին լա­րո­ւա­ծու­թիւն, քա­րիւ­ղի գի­նի ան­կում, պիւտ­ճէի ծա­ւալ­նե­րու կրճա­տում: Որ­քա­նո՞վ շա­հե­կան պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նին Ռու­սիոյ դէմ դուրս գա­լը» հար­ցու­մին ի պա­տաս­խան՝ Մա­նա­սեան նշած է.- «­Դա պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է այն հան­գա­ման­քով, թէ Ռու­սաս­տան որ­քա­նո՞վ հզօր կը լի­նի, որ­քա­նո՞վ կը պահ­պա­նի ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան վճռա­կա­նու­թիւ­նը: Ռու­սաս­տա­նը ներ­քին խնդիր­ներ ու­նի, բայց պէտք է նկա­տել, որ ա­ռայժմ յա­ջող­ւում է բազ­մազգ երկ­րի ներ­սում խա­ղա­ղու­թիւ­նը, հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թիւ­նը պահ­պա­նել: Ե­թէ այս փու­լում սահ­մա­նա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան հրահ­րումն ուղ­ղո­ւած է Ռու­սաս­տա­նի դէմ, այդ դէպ­քում պէտք է սպա­սել հա­կա­քայ­լի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մից: Դա կա­րող է ար­տա­յայ­տո­ւել տար­բեր ձե­ւա­չա­փով, տար­բեր հար­թակ­նե­րում` քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ռազ­մա­կան: Որ­քա­նո՞վ Հա­յաս­տա­նը կ’օգ­տա­գոր­ծուի այս գոր­ծըն­թա­ցում եւ ին­չո՞վ է պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած Գիւմ­րիում ռու­սա­կան զօ­րա­միա­ւոր­ման ու­ժե­ղա­ցու­մը: Այդ զօ­րա­միա­ւոր­ման ու­ժե­ղա­ցումն այս փու­լում կա­րող է պար­զա­պէս նա­խազ­գու­շաց­նող բնոյթ կրել: Ինչ վե­րա­բե­րում է Հա­յաս­տա­նին, ա­պա ա­մէն դէպ­քում մենք պէտք է ինք­նու­րոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րենք եւ գլխա­պա­տառ չմտնենք տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կոնֆ­լիկտ­նե­րի մէջ»,- ը­սած է քա­ղա­քա­գէ­տը: Անդ­րա­դա­ռա­նա­լով յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն սպա­սո­ւող հան­դիպ­ման եւ սահ­մա­նա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան հնա­րա­ւոր թու­լաց­ման՝ Ա­լեք­սանդր Մա­նա­սեան նշած է, որ ա­տի­կա կա­խո­ւած է այն հան­գա­ման­քէն, թէ որ­քա­նո՞վ Թուր­քիա լրջօ­րէն մտած է հա­կա­ռու­սա­կան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խա­ղին մէջ: Ինչ­պէս նաեւ՝ որ­քա­նո՞վ Ատր­պէյ­ճան պատ­րաստ է դառ­նա­լու թրքա­կան ծրագ­րին մաս: