Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ մայրաքաղաքի Իրինա Ռոդնինայի անուան նորակառոյց գեղասահքի դպրոցի բացման արարողութեան:Վերջին տարիներուն մարզադպրոցը կարելի է ըսել չէր գործեր՝ սահադաշտ չունենալու պատճառով: Երեխաները կը մարզուէին կա՛մ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, կա՛մ Օփերայի մօտակայքը տեղակայուած սահադաշտին մէջ՝ այն ալ ժամանակ առ ժամանակ: Երեւանի աւագանիի որոշմամբ՝ այս տարուանէ սկսեալ մարզադպրոցը անուանափոխուեցաւ ռուս գեղասահքի ախոյեանուհի Իրինա Ռոդնինայի անունով, որ նաեւ իր ներդրումը ունեցաւ նոր գեղասահքի դպրոցի հիմնումին գործով:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին մարզադպրոցի տնօրէն Մելինէ Աւագեան նշեց, որ Երեւանի գեղասահքի դպրոցին մէջ երկար տարիներ չէ գործած սահադաշտը: «Մեր փորձառու պարուսուցիչները, մարզիչները իրենց անձնուրաց աշխատանքով կարողացան մարզադպրոցի բնականոն աշխատանքը ապահովել: Ի զարմանք եւ յուրախութիւն մեզ՝ երեխաները այդուհանդերձ կարողացան իրենց մարզումներու շնորհիւ մասնակցիլ մրցումներու, որպէսզի մարզադպրոցը այդպիսի պայմաններով չփակուի: Մարզադպրոցը պահպանուեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ որդեգրուած ճիշդ քաղաքականութեան շնորհիւ»,- ըսաւ ան:
Մարզադպրոցը այսօր ունի շուրջ 180 սան: «Եթէ մինչեւ օրս միջոցներ ձեռնարկեցինք, որպէսզի մարզադպրոցը պահպանենք, ապա այսօր քայլեր կþընենք այդ մարզաձեւերը զարգացնելու ուղղութեամբ: Երեխաները կը մարզուին աւելի բարենպաստ պայմաներով»,- ըսաւ ան:
Aysor.amի հարցին ի պաասխան, թէ ունի՞նք համապատասխան մասնագէտներ, դպրոցի տնօրէնը վստահեցուց.- «Իհարկէ ունինք, բայց մեզ խոստացած են օգնել նաեւ մեր ռուս գործընկերները: Դպրոցը կը կրէ ռուս ախոյեանուհի Իրինա Ռոդնինայի անունը, որը պարտաւորեցնող է»:
Դպրոցը թէեւ կը կրէ Իրինա Ռոդնինայի անունը, սակայն ան չի խոստանար, որ պիտի դասաւանդէ հոն: «Դժուարանում եմ խօսքեր գտնել իմ զգացողութիւնները նկարագրելու համար, բայց ես շատ ուրախ եմ, որ վերջապէս Հայաստանը եւս կþունենայ ժամանակակից պայմաններով յագեցած գեղասահքի դպրոց: Այս գաղափարը առաջացաւ երկու տարի առաջ, բայց չէի պատկերացնում, որ այսքան շուտ կեանքի կը կոչուի: Անչա՜փ շնորհակալ եմ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Սերգէյ Համբարձումեանին, քանի որ գաղափարից մենք անցանք գործողութիւնների: Իսկ այն, որ դպրոցը անուանակոչուել է իմ անունով, ես երախտապարտ եմ մեր երկկողմ աւանդոյթներին ու երկու ժողովուրդների բարեկամութեանն ու ընկերութեանը: Ես շատ ուրախ եմ, որ առաջին թատերաբեմը բացուել է ոչ թէ Մոսկուայում, այլ՝ Հայաստանում, ինչի համար շատ երախտապարտ եմ»,- լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց Ի. Ռոդնինան:Նշենք, որ Երեւանի գեղասահքի եւ տափօղակով հոքէյի մանկապատանեկան դպրոցը հիմնադրուած է 1971 թուականին, որը իր գործունէութիւնը ծաւալած է հիմնականօրէն Բագրատունեաց փողոցին մէջ տեղակայուած դպրոցէն ներս, սակայն շէնքային ոչ-բարենպաստ պայմանները չեն նպաստած այս մարզաձեւերու զարգացման:
Նշենք նաեւ, որ դպրոցը կառուցուած է Մոսկուայի հայազգի գործարար Սերգէյ Համբարձումեանի սեփական միջոցներով եւ նուիրաբերուած է Երեւան քաղաքին: Ծրագրի ընդհանուր արժէքը կազմած է շուրջ 7,55 մլն. Ա.Մ.Ն. տոլար: Եռայարկ այս շինութեան ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 4360ք.մ.: Դպրոցը յագեցած է բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով՝ պարուսուցչութեան դահլիճով, մեթոտական լսարանով, ֆիզիկական մարզումներու համար նախատեսուած մարզասարքերով, սառեցման համակարգերու ժամանակակից սարքաւորումներով, գեղասահորդներու համար անհրաժեշտ գոյքով եւ միջազգային պայմաններու համապատասխան հանդերձարաններով: