Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մեծ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի 2016 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 23ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած «Կ­լո­պալ Երկ­րորդ ­Ֆո­րում»-ի ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ: ­Ֆո­րու­մի հիմ­նա­կան թե­ման պի­տի ըլ­լայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ փախս­տա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մը: Այդ մա­սին, ըստ Armenpress.amի, կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին յայ­տա­րա­րած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ընտ­րո­ւած թե­ման ար­դիա­կան է եւ մի­ջազ­գա­յին մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ: Ան նշած է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­ րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, ինչ­պէս եւ նա­խա­տե­սո­ւած էր, կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ առ­հա­սա­րակ մի­ջազ­գա­յին պայ­քարն է եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 90 երկ­րի հա­մա­հե­ղի­նա­կու­թեամբ Մ.Ա.Կ.ի մէջ ըն­դու­նո­ւած է եր­կու կա­րե­ւոր բա­նա­ձեւ: «­Դեկ­տեմ­բեր 9ին, պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Մ.Ա.Կ.ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նում` ­Նիւ Եոր­քում, նշւում էր բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի զո­հե­րի յի­շա­տա­կի օ­րը: ­Մի­ջո­ցառ­ման հիւ­րըն­կա­լող­ներն էին Մ.Ա.Կ.ի գլխա­ւոր վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը, գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Մ.Ա.Կ.ում Հ.Հ. մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Մ­նա­ցա­կա­նեան: ­Հե­ղի­նա­կա­ւոր «­Փո­լիս­քօ» ամ­սագ­րում հրա­պար­կո­ւել է մեծ յօ­դո­ւած եւ տեղ գտել գո­վազ­դա­յին էջ, որ­տեղ առ­հա­սա­րակ խօս­ւում է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի մա­սին: Ծ­րագ­րի հա­մա­հո­վա­նա­ւոր­նե­րից մէ­կը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-ինս­տի­տուտն է»,- ը­սած է ­Սարգ­սեան:

­Միա­ժա­մա­նակ, ան բարձր գնա­հա­տած է «100-­Կեանք» ծրա­գի­րը:

Ն­շենք, որ ­Դեկ­տեմ­բեր 9ը ա­ռա­ջին ան­գամ նշո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Յան­ցա­գոր­ծու­թեան ­Զո­հե­րու ­Յի­շա­տա­կի եւ Ար­ժա­նա­պատ­ւու­թեան ու այս ­Յան­ցա­գոր­ծու­թեան ­Կան­խար­գիլ­ման ­Մի­ջազ­գա­յին Օր: