Ատրպէյճանական եւ հայկական զօրքերու շփման գիծին վրայ վերջին լարուածութիւնը ու ծանր ռազմամթերքի օգտագործումը անթոյլատրելի է.- յայտարարած է Ա.Մ.Ն. պետական բաժանմունքի մամուլի ծառայութեան ղեկավար Ճոն Քիրպի` հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով սահ
մանային վերջին միջադէպերուն, կը հաղորդէ Tert.am:
Ան ցաւակցութիւն յայտնած է վերջին միջադէպի հետեւանքով զոհուածներու կամ վիրաւորուածներու ընտանիքներուն ու յիշեցուցած, որ նման յարձակումները չեն համապատասխաներ Ատըրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներու ստանձնած յանձնառութիւններուն` ԼՂ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու հարցով:
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք պահպանելու հրադադարը»,- ըսած է Քիրպի: Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յառաջիկայ հանդիպման մասին: «Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խմբակի համանախագահները այս ամիս հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք միջոցներ ձեռնարկելու` բռնութենէն խուսափելու եւ բանակցութիւններու մթնոլորտը բարելաւելու համար»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն սահմանի իրադրութիւնը կը շարունակուի լարուած մնալ: Լ.Ղ.Հ. Պ.Բ.ն հաղորդագրութիւն տարածած էր` նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը առաջին անգամ կրակ բացած է հրասայլէ: Հայկական կողմէն զոհուած էր մէկ զինուոր: