Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt9 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յին մէջ սկսաւ «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վը, որ նո­ւի­րո­ւած է կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 125ա­մեա­կին:

­Գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ պատ­մա­բան­ներ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան 125 տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը:

Ող­ջու­նե­լով գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը` Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան ը­սաւ, որ զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժը` ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, յա­ճախ տար­բեր ար­ժե­ւո­րում­ներ կը ստա­նայ, բայց պատ­մա­կան փաս­տե­րը ան­հեր­քե­լի են եւ ա­նոնք լու­սար­ձա­կի տակ կ­՛առ­նո­ւին նման ա­ռիթ­նե­րու յատ­կա­պէս: Ան նաեւ շեշ­տեց, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հա­տո­ւա­ծա­կա­նու­թեան թիւ մէկ հա­կա­ռա­կոր­դը ե­ղած է հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եւ այդ­պէս ալ պի­տի ըլ­լայ, ո­րով­հե­տեւ իր ա­նո­ւա­նումն ու գո­յու­թեան փաս­տը հա­տո­ւա­ծա­կա­նու­թեան հեր­քումն են:

Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան այս ա­ռի­թով լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու քա­ղա­քա­կան ու­ղիին: Ա­նոր հա­մա­ձայն, ի­րենք չէ, որ պի­տի ը­սեն, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի՛նչ դեր ու­նե­ցած է, իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է ընտ­րէ, թէ ի՛նչ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած է ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր վրայ:

«­Մենք չենք կրնար ը­սել, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր ամ­բողջ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ: ­Մենք կ­՛ապ­րինք այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի, հա­սա­րա­կու­թեան մը մէջ, որ վե­րա­փո­խո­ւե­լու, գի­տակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման, կազ­մա­կեր­պո­ւե­լու լրջա­գոյն խնդիր ու­նի` գու­մա­րած մեր միւս խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը խան­գա­րեն մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը` ար­տա­գաղթ, մար­դոց ըն­կե­րա­յին շատ ցածր մա­կար­դակ, մի­ջին խա­ւի գրե­թէ բա­ցա­կա­յու­թիւն: Այս հար­ցե­րը այն­պի­սի ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, ո­րոնք կա­րե­լիու­թիւն չեն տար լա­ւա­գոյնս դրսե­ւո­րո­ւե­լու»,- յայտ­նեց Ա. ­Վար­դա­նեան:

­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեայ եր­թին մա­սին խօ­սե­ցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի նախ­կին ան­դամ ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան: «­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ան­քակ­տե­լի մասն է: Իբ­րեւ պա­տաս­խա­նա­տու կու­սակ­ցու­թիւն` մեր ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջին 100-150 տա­րո­ւան պատ­մու­թեան բո­լոր դրո­ւագ­նե­րուն մէջ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դերն ու ձե­ռա­գի­րը կան: ­Տա­կա­ւին 1918-20 թո­ւա­կան­նե­րուն էր, որ մենք ընտ­րե­ցինք եւ­րո­պա­կան պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան ձե­ւա­չա­փը` խորհր­դա­րա­նա­կան հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: ­Տա­կա­ւին 1990ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը մենք հան­դէս ե­կանք նա­խագ­ծով մը, ուր ամ­րագ­րուած էր խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րա­կան հա­մա­կար­գը»,- ը­սաւ ան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան լաւ եւ վատ է­ջե­րուն` Լ. Մկրտ­չեան ընդգ­ծեց, որ ինչ­պէս մար­դու կեան­քին մէջ կա­րե­լի չէ ը­սել ի՛նչ է ա­մէ­նէն լաւն ու վա­տը, նոյնն է պա­րա­գան կու­սակ­ցու­թեան կեան­քին: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ այն պա­հուն, երբ հրա­պա­րա­կո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դին մա­հա­պա­տի­ժը: ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի ժա­մա­նակ սկսաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը փորձ կա­տա­րեց ու կրցաւ ղե­կա­վա­րել մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը յու­սա­հատ պայ­քա­րը»,- նշեց ­Լե­ւոն Մկրտչեան: