Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն, որուն մէջ գոհունակութիւն կը յայտնէ «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին ու կառավարութեան բաց բանավԷճէ ետք 6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի խաղաղ կազմակերպման համար»:
«Նոր սահմանադրութենէն բխող կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը զգալի է: Քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անկուսակցական դէտերու արժանահաւատ հաղորդումները ընտ րախախտումներու վերաբերեալ, այնուամենայնիւ, մտահոգիչ են եւ պէտք է լիարժէք կերպով հետաքննուին` համոզելու հայ ժողովուրդը, որ հանրաքուէի արդիւնքները վստահելի են եւ օրինական:Մենք կոչ կ՛ուղղենք ընտրական յանձնախումբին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ կատարելու ընտրախախտումներու վերաբերեալ արժանահաւատ հաղորդումներու թափանցիկ քննութիւն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Այս հարցերուն պէտք է լուծում տալ հիմա, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովին կողմէ նոր ընտրական օրէնսգիրքի ձեւաւորման ընթացքին մէջ` հիմք ընդունելով Ե.Ա.Հ.Կ.ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդկային Իրաւանց Գրասենեակի առաջարկները` ապահովելու, որ հետագայ ընտրութիւնները Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ նկատուին արժանահաւատ, օրինական եւ ընկալուին իբրեւ իրենց կամքի իրական արտայայտում»,- յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը: