Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ բան­բեր Դա­ւիթ Բա­բա­յեան, «Եր­կիր»ին հետ Դեկ­տեմ­բեր 8ին ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, անդ­րա­դար­ձած է սահ­մա­նին վրայ տի­րող լա­րո­ւած կա­ցու­թեան:

«­Վեր­ջին օ­րե­րուն ի­րա­վի­ճա­կը հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ լա­րո­ւած է. նա­խորդ շա­բաթ ու­նե­ցանք մէկ զոհ եւ մէկ վի­րա­ւոր: Ե­րէկ գի­շեր ալ հա­կա­ռա­կոր­դը հայ դիր­քա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած է ա­ւե­լի քան 2700 կրա­կոց»,- ը­սած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին ա­ռած քայ­լե­րուն մէջ ա­ռողջ տրա­մա­բա­նու­թիւն չկայ, հասկ­նա­լի չէ, թէ ան ին­չո՛ւ նման քայ­լե­րու կը դի­մէ:

Բա­բա­յեա­նի հա­մա­ձայն՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը թե­րեւս կը փոր­ձէ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղել այս օ­րե­րուն «­Կիւ­նեշ­լի» ծո­վա­յին քա­րիւ­ղի հան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հրդե­հէն, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք տաս­նեակ մը ատր­պէյ­ճան­ցի­ներ զո­հո­ւած են:

Վեր­ջին օ­րե­րուն սահ­մա­նին վրայ տի­րող լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, Բա­բա­յեա­նին հա­մա­ձայն, նաեւ Թուր­քիա-­Ռու­սիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւանք է: «­Վեր­ջին խախ­տում­նե­րուն ժա­մա­նակ, երբ մենք ան­դառ­նա­լի կո­րուստ ու­նե­ցանք, այդ ա­տեն Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տը հոն էր եւ կա­րե­լի չէ բա­ցա­ռել, որ ան ալ այն մար­դոց­մէ ե­ղած է, որ յոր­դո­րած էին Ա­լիե­ւին դի­մե­լու նման քայ­լե­րու: Ա­սի­կա հա­մաթրքու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ար­տա­յայտ­ման մի­ջոց­նե­րէն մէկն է, որ կոր­ծա­նա­րար պի­տի ըլ­լայ յատ­կա­պէս Թուր­քիոյ հա­մար»,- դի­տել տո­ւած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հա­կան բան­բե­րը: