Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դեկ­տեմ­բեր 7ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան ըն­դու­նեց ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը, ո­րուն կազ­մը ընտրուած էր 2015ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, ներ­կա­յիս Ե­րե­ւան ժա­մա­նած է՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լու իր ա­ռա­ջին լիա­գու­մար նիս­տը:

Ող­ջու­նե­լով պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան գնա­հա­տան­քի խօս­քեր ուղ­ղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կ. ­Վար­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն` կա­տա­րած հայ­րե­նա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քին եւ ա­րա­գօ­րէն հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցո­ւող աշ­խար­հին մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հայ պա­հե­լու ջան­քե­րուն հա­մար:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի գնա­հա­տան­քին հա­մար` ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան վստա­հե­ցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. մշտա­պէս հա­ւա­տա­րիմ է կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր նպա­տա­կին, այն է` ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­կան ա­ռողջ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ հայ ե­րի­տա­սարդ ա­ճեց­նե­լուն, հա­յու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նին ազ­նո­ւու­թեամբ, ա­րիու­թեամբ, օ­րի­նա­պա­հու­թեամբ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ, պա­տո­ւի ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով ծա­ռա­յե­լու գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման:

Զ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան յա­ռա­ջի­կայ քա­ռա­մեա­կի, հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մէջ, ծրա­գիր­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման, Եւ­րո­պա­յի եւ ­Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հա­յոց լե­զո­ւի ու­սուց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ բա­րե­լաւ­ման, ինչ­պէս նաեւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման հետ կա­պո­ւած այլ հար­ցեր: