Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (Ե.Խ.Խ.Վ.) պատուիրակութիւնը, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած է Դեկտեմբեր 6ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի ընթացքին, հրապարակած է իր գնահատականը:
Ըստ Panorama.amի՝ Ե.Խ.Խ.Վ. պաշտօնական կայքով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.- Հանրաքուէն յանգեցուց նոր սահմանադրութեան ընդունման:
Կը նշուի, որ ըստ նախնական արդիւնքներու՝ քուէարկութեան մասնակիցներուն 64 տոկոսը կողմ քուէարկած է փոփոխութիւններուն` այսպիսով ապահովելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունման համար անհրաժեշտ ընտրողներու 25 տոկոսի մասնակցութեան տոկոսը:
«Համեմատաբար ցած մասնակցութիւնը,- բնակչութեան մօտ 50 տոկոսը,- կ՛արտացոլացնէ այն փաստը, որ հանրաքուէն պայմանաւորուած է քաղաքական շահերով»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ 2,5 տարուան բարեփոխումներու մշակման գործընթացը այնքան ալ ամբողջական չէր. խորհրդարանը ունէր ընդամէնը քանի մը շաբաթ օրինագիծը քննարկելու համար եւ հանրային բանավէճը սահմանափակուեցաւ 2 ամիսով` դժուարացնելով համաձայնութեան ձեռք բերումը:
«Այսպիսով, սահմանադրական բարեփոխութիւններու հիմնական առանցքը` նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգին անցումը, բազմաթիւ քաղաքացիներու կողմէ կը դիտուի որպէս ներկայ նախագահին իշխանութեան մնալու միջոց` անոր երկրորդ եւ վերջին ժամկէտի աւարտէն ետք»:
Քուէարկութեան գործընթացին հետ կապուած պատուիրակութիւնը կ՛ափսոսայ, որ իշխանութիւնները մտահոգուած չէին դէպի նոր սահմանադրութիւն տանող գործընթացի անաչառութեամբ եւ կը նշուին քանի մը խնդիրներ.
- Ընտրացուցակներու անճշդութիւնները, որոնք կը պարունակեն արտերկրի մէջ մշտապէս բնակող կամ նոյնիսկ մահացածներու անուններ` յանգեցնելով այն պնդումներուն, որ այս անունները կ՛օգտագործուին մարդոց կողմէ, որոնք կը քուէարկեն քանի մը անգամ:
- Մեծ չափերու հասնող կազմակերպուած ընտրակաշառքներ, ընտրողներու վրայ ճնշում գործադրելու միջոցներ:
- Լրատուական դաշտը մէկ անգամ եւս հաւասար չէր եւ քաղաքական կուսակցութիւնները չեն կրցած կատարել իրենց պարտականութիւնները` հասարակութիւնը տեղեկացնելու եւ կողմնորոշելու համար:
- Գործադիր մարմիններու կողմէ վարչական աղբիւրներու չարաշահում:
- Ընտրական պաշտօնեաներու վրայ ճնշումներու, կաշառելու պնդումներ:
- Տեղամասային ընտրական պաշտօնեաներու վերապատրաստման թերութիւնները` յատկապէս հաշուարկի ընթացքին:
- Շարժական քուէարկութեան բացակայութիւնը արդիւնաւէտօրէն բացառած է հաշմանդամ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը:
Ե.Խ.Խ.Վ. պատուիրակութիւնը Հ.Հ. իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ անդրադառնալու այս խնդիրներուն, որպէսզի կառուցէ վստահութիւն քուէարկութեան գործընթացին եւ քաղաքականութեան հանդէպ ընդհանրապէս` ապահովելու համար Հայաստանի իրական ժողովրդավարական ապագան:
Ե.Խ.Խ.Վ. պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եղած է Դեկտեմբեր 4էն 7, որուն ընթացքին հանդիպած է քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ, Կ.Ը.Յ. նախագահին, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ./ԺՀՄԻԳի փորձագէտներու հետ:
Ե.Խ.Խ.Վ. դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը եղած է Զուիցերիոյ պատգամաւոր Անտրէաս Կրոս: Պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ Հայաստանի հարցով Ե.Խ.Խ.Վ. համազեկուցող Ալան Միլ, Զուիցերիոյ պատգամաւոր Տորիս Ֆիալա: