Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 3 Դեկ­տեմ­բե­րին հիւ­րըն­կա­լած է գրող, հրա­պա­րա­կա­խօս, Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Զօ­րի Բա­լա­յեանն ու ա­նոր ծննդեան 80ա­մեա­կին առ­թիւ Ռու­սիա­յէն Հա­յաս­տան ե­կած ռուս մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին վաս­տա­կա­շատ գրող­ներ, թա­տե­րա­գիր­ներ, բե­մադ­րիչ­ներ, լրագ­ րող­ներ, հրա­պա­րա­կա­խօս­ներ, ա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռի շարք մը այլ գոր­ծիչ­ներ: Ա­նոնց ա­ջակ­ցու­թեամբ Մոս­կո­ւա­յի նշա­նա­ւոր «­Խու­դո­ժես­տո­ւեն­նա­յա լի­տե­րա­տու­րա» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը լոյս ըն­ծա­յած է Զօ­րի Բա­լա­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ութ հա­տո­րեա­կը:

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ող­ջու­նած է հիւ­րե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած ա­նոնց, ո­րոնք հան­դի­սա­նա­լով Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ­ներ, տա­րի­ներ շա­րու­նակ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն հայ-ռու­սա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման ու եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ սերտ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման: Նա­խա­գա­հը շնոր­հա­ւո­րած է Զօ­րի Բա­լա­յեա­նի ծննդեան տա­րե­դարձն ու ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­ւի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը՝ մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն, անս­պառ ե­ռանդ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Այս ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ շնոր­հա­հան­դէ­սի ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած է 8 հա­տո­րէ բաղ­կա­ցած ռու­սե­րէն ժո­ղո­վա­ծուն: «­Հա­ւա­նա­բար իւ­րա­քան­չիւր գրո­ղի հա­մար ժո­ղո­վա­ծուն գա­գաթ­նա­կէտն է: Երբ սկսում ես աշ­խա­տել, չես մտա­ծում՝ ի՞նչ է լի­նե­լու վեր­ջում: Ժո­ղո­վա­ծո­ւի գերխն­դիրն է, որ լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րը մի տեղ հա­ւա­քո­ւեն: Այն մնա­յուն է: Եւս 8ի հա­մար նիւ­թեր կա­րող եմ հա­ւա­քել: Բայց այս­տեղ իւ­րա­քան­չիւր հա­տոր իր գերխն­դիրն ու­նի»,- յայտ­նած է Զօ­րի Բա­լա­յեան: Գ­րո­ղը հաս­տա­տած է, որ ի­րեն հա­մար եր­ջա­նիկ պահ է, երբ կը տես­նէ 8 հա­տոր­նե­րը: «Ցա­ւա­լի է, երբ ա­սում են, թէ հի­մա գիրք չեն կար­դում: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է գիրք չկար­դալ՝ յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նում: Ես միայն իմ գրքե­րի մա­սին չեմ խօ­սում: Հա­յին ա­ռանց գրքի չեմ պատ­կե­րաց­նում»,- նշած է Բա­լա­յեան: