Հ.Հ. արդարադատութեան, արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւնները այսուհետեւ նոր շէնք պիտի ունենան: Երեւանի Վազգէն Սարգսեան 3 հասցէին գտնուող կառավարական-վարչական նոր համալիրին բացումը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 5ին, նախագահ
Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ: Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է.- «Տեղաբաշխելը բարդ խնդիր էր։ Սկզբում նախատեսուած էր 4 նախարարութիւն, յետոյ դարձաւ 5։ Այս տարածքի վրայ կազմակերպել բոլորի առանձին մուտքերը դիւրին խնդիր չէր։ Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ է կառավարական շէնք կառուցւում։ Շատ կարեւորուեց այն, որ շէնքի ճարտարապետութիւնը լինի այն շէնքերի նման, որ մինչեւ հիմա ունեցել ենք։ Կամարի աջ եւ ձախ կողմերում զարդաքանդակներ արեցինք նոյնութեամբ, ինչպիսին կառավարութեան շէնքի զարդաքանդակներն են»։
Ըստ Նարեկ Սարգսեանի՝ եթէ կառավարութեան նախկին շէնքը, որ կը գտնուէր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, 14 հազար քառ. մեթր էր, նոր վարչական համալիրին մէջ նոյնքան տարածք ունի միայն արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ան աւելցուցած է նաեւ որ նախարարութիւնները կառավարական նոր շէնք պիտի փոխադրուին մինչեւ Փետրուարի վերջը:
Համալիրի մասնաշէնքերուն ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 33.460 քառ. մ.: Համալիրի կառուցման համար ծախսուած է 13 միլիառ 687 միլիոն 288 հազար 390 դրամ:
Շէնքը կառուցուած է արդարադատութեան այրած շէնքի հողատարածքին վրայ. համալիրի կառուցապատուած տարածքը կ՚ընդգրկէ նախկին «Սեւան» պանդոկէն մինչեւ Հ.Հ. Գլխաւոր Դատախազութեան շէնք եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցէն մինչեւ Զաքեան փողոցի հատուածը: Վարչական համալիրը բաղկացած է երկու մասնաշէնքերէ, որոնք իրարու հետ կապուած են ստորերկրեայ մէկ-յարկանի կայանատեղիով: Ան ունի ճաշարան, հանդիսութիւններու եւ մամուլի սրահներ: Համալիրը, որուն շինարարութիւնը սկսած էր 2008ին, նախագծած է քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան: