Կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է «Հայաստանի քաղաքացիական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծին, որով կը նախատեսուի լիովին կիրարկել բարոյական կամ ոչ-նիւթական վնասի հատուցման դրութիւնը։
Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ նախատեսած էր իրաւունքներու ոչ-ամբողջական ցանկ, որով կարելի էր պահանջել ոչ-նիւթական կամ բարոյական վնասի հատուցում: Անոնք էին՝ կեանքի իրաւունքը, խոշտանգման արգելքը, անձնական ազատութեան իրաւունքի խախտումը եւ ապօրինի դատապարտման իբրեւ հետեւանք կրած ոչ-նիւթական վնասը:
Նախարարին համաձայն՝ այժմ պիտի աւելնան նաեւ արդար դատաքննութեան, անձնական կամ ընտանեկան կեանքը յարգելու, բնակարանի անձեռնմխելիութեան, միտքի, խիղճի եւ կրօնի ազատութեան, սեփական կարծիքի ազատ արտայայտման, հաւաքներու եւ միաւորման ազատութեան, իրաւական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներու եւ սեփականութեան իրաւունքները:
Բացի ատկէ, կը նախատեսուի կատարել քանի մը այլ կարեւոր փոփոխութիւններ եւս՝ հատուցման չափերուն վերաբերող, եւ որոնք պիտի համապատասխանեն եւրոպական չափանիշներուն: Այսպիսով, ըստ կառավարութեան, նախագիծի ընդունմամբ բարոյական վնասի կամ ոչ նիւթական վնասի հատուցման դրութիւնը ամբողջութեամբ պիտի կիրարկուի Հայաստանի մէջ։
Կարեւոր նկատելով ներկայացուած օրինագիծը՝ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստանի քաղաքացիները իրենց հիմնական իրաւունքներու խախտման պարագային պիտի ունենան բարոյական վնասի հատուցում պահանջելու եւ ստանալու աւելի մեծ կարելիութիւն։