Եւս մէկ երեխայի ծնելուն ամուսինները կը սպասեն կրկնակի ոգեւորութեամբ. փոքրիկը, որուն սեռը դեռ չեն գիտեր, աւելի լաւ պայմաններու մէջ պիտի ծանօթանայ աշխարհին, քան անոր 13 քոյրերն ու եղբայրները: Բարի մարդոց օգնութեամբ Մեքոնեանները մեծցուցած են տունը, նոր պատուհաններով տաքցուցած, շուտով խոհանոցին մէջ ալ կահոյք կ’ունենան, լոգարանը նոյնպէս արդէն գրեթէ պատրաստ է, իսկ առաջին քայլերը փոքրիկը պիտի ընէ ոչ թէ սիմենէթէ, այլ տախտակէ յատակին: Ընտանիքին հայրը` Մարտիկ Մեքոնեան կ՛ըսէ, թէ News.amի անդրադարձէն ետք, ընտանիքին օգնելու ցանկութիւն յայտնած են մեծ թիւով անծանօթ մարդիկ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ՝ կառավարութիւնը: «Թէ՛ Հայաստանից, թէ՛ արտերկրից, բազմաթիւ մարդիկ են օգնել ու շարունակում օգնել մեզ: Ոմանք` ֆինանսապէս, ոմանք` հագուստով, կօշիկով: Մարդիկ են, որոնց մենք չենք ճանաչում, շատերը գալիս են մեր տուն, շատերը գումար են փոխանցում»,- պատմած է Մելքոնեան` նշելով, որ այդ օգնութեան շնորհիւ երեխաները ձմրանը տաք հագուստի խնդիր չեն ունենար, մինչդեռ ընդամէնը երեք ամիս առաջ` Սեպտեմբերին, երեխաները հագուստ ու գրենական պիտոյքներ չունէին դպրոց յաճախելու համար:
Նոր, աւելի ընդարձակ հիւրասենեակը, քիչ կահաւորուած է, բայց Մելքոնեանները ատով չեն անհանգստանար: Աւելի հրատապ է մահճակալներու խնդիրը: Աւելցած երկու ննջասենեակներուն մէջ կը պակսին մահճակալները: Երեխաները միասին կը քնանան հին, երկաթեայ մահճակալներու մէջ, իսկ աւելի մեծերը` գետինը:
Մելքոնեանները կ՛ըսեն, թէ տան հիմնական խնդիրները լուծելէ ետք իրենց հոգերը կը թեթեւնան. բարեգործներու միջոցներով կառուցուած նոր անասնագոմը անասնապահութեամբ զբաղուելու հնարաւորութիւն պիտի տայ, երեխաները, որոնցմէ 11ը անչափահաս են, բոլորն ալ կ՛օգնեն իրենց ծնողներուն, հողամասին մէջ կ՛աշխատին, շուտով աւագ որդին ծառայութենէն պիտի վերադառնայ ու օրուան հացը պիտի կարենան վաստակել, բայց գրեթէ անհնար պիտի ըլլար ինքնուրոյն տունը վերանորոգել, եթէ չըլլային բարին կամեցողները:
Բազմազաւակ ընտանիքին հոգերը ինչ-որ չափով թեթեւցնելու նպատակով՝ News.am Մելքոնեաններուն 450 հազար դրամ յատկացուցած էր Երեխաներու պաշտպանութեան օրը` Յունիս 1ին իրականացուցած ամենամեայ բարեգործական ձեռնարկի ընթացքին հաւաքուած գումարէն: