Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԹա­լի­նի, Մա­րա­լի­կի, Ար­թի­կի, Գիւմ­րիի, Ա­շոց­քի, Աշ­տա­րա­կի, Ա­պա­րա­նի, Ա­րա­գա­ծի, Ս­պի­տա­կի, Ս­տե­փա­նա­ւա­նի, Լո­ռիի, Թու­մա­նեա­նի, Տա­շի­րի, Ա­բո­վեա­նի, Հ­րազ­դա­նի, Սե­ւա­նի, Գա­ւա­ռի, Մար­տու­նիի, Ե­ղէգ­նա­ձո­րի, ինչ­պէս նաեւ՝ Վար­դե­նեաց լեռ­նանց­քի, Դի­լի­ջա­նի, Ի­ջե­ւա­նի, Նո­յեմ­բե­րեա­նի, Տա­ւու­շի մէջ Դեկ­տեմ­բեր 3ին` ժա­մը 09:30ի դրու­թեամբ, ձիւն կը տե­ղայ: Ինչ­պէս կը տե­ղե­

կաց­նէ Հ.Հ. փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու եւ կա­պի նա­խա­րա­րու­թեան լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, սաս­տիկ քա­մի եւ ցած տե­սա­նե­լիու­թիւն է Մա­րա­լիկ-­Լան­ջիկ ճա­նա­պար­հա­հա­տո­ւա­ծի, Թա­լի­նի, Գիւմ­րիի, Ա­շոց­քի, Ա­պա­րա­նի, Ա­րա­գա­ծի, Գա­ւա­ռի ճա­նա­պարհ­նե­րուն եւ Վար­դե­նեաց լեռ­նանց­քին մէջ: Վար­դե­նեաց լեռ­նանց­քին մէջ նաեւ տեղ-տեղ մեր­կա­սա­ռոյց է: Անվ­տանգ եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րար­նե­րը կը կա­տա­րեն ճամ­բա­նե­րու ա­ղով, ա­ւա­զով մշակ­ման եւ մաքր­ման աշ­խա­տանք­ներ:

Միջ-պե­տա­կան եւ հան­րա­պե­տա­կան նշա­նա­կու­թեան ճամ­բա­նե­րը բաց են: Վ­թար­նե­րէ, պա­տա­հար­նե­րէ եւ խցա­նում­նե­րէ խու­սա­փե­լու նպա­տա­կով՝ Հ.Հ. փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու եւ կա­պի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վա­րորդ­նե­րուն խոր­հուրդ կու տայ եր­թե­ւե­կել բա­ցա­ռա­պէս ձմեռ­նա­յին ա­նիւ­նե­րով: