Ոսկերչութիւն, արծաթագործութիւն, սնունդի արդիւնաբերութիւն, վարսայարդարութիւն, կարի եւ կօշիկի արտադրութիւն, ինքնաշարժի նորոգութիւն, տպագրութիւն, տեսանկարահանում, օճառագործութիւն. ասոնք այն հիմնական ոլորտներ են, ուր սուրիահայերը ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կը ծաւալեն:
«Ազդարար» լրատուականը իր անդրադարձին մէջ կը նշէ, որ 2012 թուականէն առ այսօր Փոքր եւ Միջին Ձեռնարկութեանց (Փ.Մ.Ձ.) Զարգացման Ազգային Կեդրոնը մօտ 500 սուրիահայ գործարարի տարբեր տեսակի օգնութիւն ցուցաբերած է.- 106ը ստացած են ֆինանսական աջակցութիւն` միջինը 4,5 միլիոն դրամի չափով եւ 5 տարի ժամկէտով: Արձանագրուած է 75 նոր գործարարութիւն, բացուած 112 աշխատատեղ:
«Այսօր սուրիահայերը աւելի զգօն դարձած են, գործ սկսելէն առաջ երկար կը մտածեն: Զգուշաւորութեան եւ խոր վերլուծութեան շնորհիւ վերջին շրջանին յաջողուած ձեռնարկատիրութեան թիւը սուրիահայերու մօտ 20 տոկոսով աւելցած է»,- կը նշէ Փ.Մ.Ձ. Զարգացման Ազգային Կեդրոնի գործադիր տնօրէն Գեղամ Պետրոսեան: