Նոյեմբեր 22ին, Հայաստանի նոր դեսպանութիւն բացուեցաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ: Հանդիսութեան ներկայ եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Չեխիոյ իր պաշտօնակից Քարել Շվարցենպըրկ, Փրակի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Չեխիոյ խորհրդարանի անդամներ ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Շնորհաւորելով նախարար Քարել Շվարցենպըրկը Փրակի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացման առթիւ՝ ՀՀ նախարարը ընդգծած է, թէ այս քայլը նոր լիցք պիտի հաղորդէ հայ-չեխական համագործակցութեան:
Նալբանդեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Շուրջ երեք տարի առաջ իմ այցելութեան ընթացքում մենք ընդգծեցինք, որ պէտք է լրացուցիչ ջանքեր գործադրենք մեր յարաբերութիւնների զարգացման համար: Այսօր մենք գոհունակութեամբ կարող ենք նշել, որ մեր յարաբերութիւններն որակապէս նոր մակարդակի վրայ են բարձրացուել»:
Նոյեմբեր 23-ին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Դանիա: Քոփենհակընի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՀ դեսպանութեան նոր շէնքին, ուր ներկայ եղան Դանիայի Եւրոպական հարցերով նախարար Նիկոլայ Վամենը, արտաքին գործոց բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, օտար դեսպաններ եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Դանիայի Եւրոպական հարցերով նախարար Նիկոլայ Վամենը կտրեցին կարմիր ժապաւէնը:
Իր խօսքին մէջ ՀՀ նախարարը անդրադարձաւ հայ-դանիական պատմական առնչութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն դանիացի միսիոներներու կողմէ հայ գաղթականներու եւ որբերու հանդէպ ցուցաբերուած մարդասիրութեան, 1988 թ. երկրաշարժէն յետոյ Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերուած օգնութեան, ինչպէս նաեւ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի զարգացման ուղղուած աջակցութեան: