Ռուսական Զէնքի Համաշխարհային Առեւտուրի վերլուծութեան կեդրոնի նոր հրապարակած զեկոյցը կը յայտնէ, որ Հայաստան 2015-16ին, Ռուսաստանի օգնութեամբ, պիտի արդիականացնէ զենիթահըրթիռային իր Ս-125 համակարգերը մինչեւ Ս-125 «Բեչորա-2մ» մակարդակի։ Այս մասին կը յայտնէ Razm.Info: Այս
մասին համապատասխան համաձայնութեան եկած են 2013 թուականին: Արդիականացման համար, ըստ վերլուծական կեդրոնի գնահատականին, Հայաստան պիտի վճարէ 60 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ս-125ի համեմատ Ս-125 «Բեչորա-2մ»ն ունի էապէս աւելի բարձր մարտավարական-ճարտարագիտական յատկանիշներ: Բարելաւուած են բոլոր կարեւորագոյն յատկանիշները. հեռահարութիւնը, առաւելագոյն բարձրութիւնը, թիրախի խոցման հաւանականութիւնը, խանգարումներէն պաշտպանուածութեան աստիճանը եւ այլն:
Արդիականացուած տարբերակը ունակ է օդային թիրախներ հարուածելու մինչեւ 27 քմ. հեռաւորութեան վրայ, ի դէպ անիկա աւելի դիպուկ կը խոցէ ցած բարձրութեան վրայ թռչող սարքերը:
Ս-125 «Բեչորա-2մ» կրնայ ունենալ ինչպէս շարժական, այնպէս ալ ինքնագնաց տարբերակներ, անիկա 2 անգամ աւելի շատ արձակման կայան ունի (Ս-125ի 4ի փոխարէն 8 հատ): Համալիրը օժտուած է ռատիոճարտարագիտական պաշտպանութեան համակարգով: