Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տան փոքր եր­կիր է, Եւ­րո­պա­յի հա­մե­մատ՝ ու­նի աղ­քատ տնտե­սու­թիւն, սա­կայն ա­նի­կա ող­ջու­նած է փախս­տա­կան­նե­րուն մուտ­քը եր­կիր` օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լով բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ու­նին ա­տոր կա­րի­քը:
Ըստ Armenpress.amի՝ այս մա­սին «­Հա­յաս­տան ցոյց կու տայ Եւ­րո­պա­յի, թէ ինչ­պէ՞ս պէտք է ըն­դու­նիլ փախս­տա­կան­նե­րը» խո­րագ­րով իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ, գրած է «­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րո­պա­կան Բա­ րե­կամ­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Է­դո­ւար­դօ Լո­րեն­ցօ Օ­չոան:

Ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է, որ սու­րիա­կան հա­կա­մար­տու­թեան ա­մե­նաս­կիզ­բէն Հա­յաս­տան ժա­մա­նած է 17 հա­զար սու­րիա­ցի:

Եւ թէեւ ա­նոնց զգա­լի մա­սը սու­րիա­հա­յեր էին, այ­դու­հան­դերձ ե­կած­նե­րու շար­քին կա­յին ա­սո­րի­ներ ու եզ­տի­ներ, ո­րոնց հա­մար եւս Հա­յաս­տա­նը տուն դար­ձաւ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ Եւ­րո­պա­յի մէջ Հա­յաս­տան եր­րորդն է, որ ըն­դու­նած է սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րը:

Ի տար­բե­րու­թիւն Լի­բա­նա­նի, Թուր­քիոյ կամ Յոր­դա­նա­նի` Հա­յաս­տան Եւ­րո­միու­թե­նէն չստա­ցաւ նիւ­թա­կան զգա­լի ա­ջակ­ցու­թիւն այս փախս­տա­կան­նե­րը ըն­դու­նե­լու հա­մար: Այ­դու­հան­դերձ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ «ե­թէ փախս­տա­կան­նե­րը ո­րո­շած են գալ Հա­յաս­տան, մեր պե­տու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու հետ պի­տի ը­նէ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը՝ զա­նոնք ըն­դու­նե­լու հա­մար»:

«­Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան կազ­մա­կեր­պած կո­տո­րած­նե­րը յի­շե­ցու­ցին հա­յե­րուն սե­փա­կան պատ­մու­թիւ­նը: Շատ սու­րիա­ցի­ներ, ո­րոնք ե­կան Հա­յաս­տան, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րած­նե­րու ժա­ռան­գորդ­ներն էին, եւ շատ հա­յեր բա­րո­յա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն զգա­ցին` ա­պա­հո­վե­լու զա­նոնք անվ­տանգ ա­պաս­տա­րա­նով:

Ա­սի­կա նաեւ կը բա­ցատ­րէ այն հան­գա­ման­քը, թէ ին­չո՞ւ եզ­տի­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց հայ­րե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ ոչն­չաց­ման կ­՝են­թար­կո­ւին, այս­տեղ գրկա­բաց կ­՝ըն­դու­նին»,- նշած է Օ­չոան` ա­ւելց­նե­լով, որ թէեւ Եւ­րո­միու­թեան պե­տու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թեան կու գան եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու հար­ցով, տար­բեր կերպ կ­՝ըն­կա­լեն գործ­նա­կա­նի մէջ ա­նոնց կի­րա­ռու­թիւ­նը: Եւ ա­տի­կա ա­ռա­ւել ակն­յայտ ընդգ­ծո­ւե­ցաւ փախս­տա­կան­նե­րու վեր­ջին հոս­քին ժա­մա­նակ:

Այս տա­րի­նե­րուն փախս­տա­կան­նե­րու նկատ­մամբ դրսե­ւո­րած դիր­քո­րոշ­մամբ Հա­յաս­տան ցոյց տո­ւաւ, որ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րը ան­կեղ­ծօ­րէն կի­սող պե­տու­թիւն է: Օ­չոա­յի հա­մո­զու­մով` ա­տոր ա­պա­ցոյ­ցը այն էր, թէ ինչ­պէ՞ս հա­յե­րը Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք ան­մի­ջա­պէս հա­ւա­քո­ւե­ցան մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ` սգա­լու զո­հե­րու յի­շա­տակն ու դա­տա­պար­տե­լու կա­տա­րո­ւա­ծը:

«­Շարլ Ազ­նա­ւուր, ո­րուն ծնող­նե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք գաղ­թած էին Եւ­րո­պա, ը­սած է, որ ինք «մշտա­պէս կը կանգ­նի ա­նոնց կող­քին, ո­րոնք դռնե­րը կը թա­կեն, եւ ոչ թէ ա­նոնց կող­քին, ո­րոնք կը փա­կեն զա­նոնք»:

Ես կը հա­ւա­տամ, որ այս խօս­քե­րը կ­՝ար­տա­ցո­լան այն ապ­րում­նե­րը, որ ու­նին շատ հա­յեր եւ եւ­րո­պա­ցի­ներ, ո­րոնք կը բա­խին այն մար­դոց կեր­պա­րին, ո­րոնք կը փախ­չին պա­տե­րազ­մէ` փոր­ձե­լով փրկել սե­փա­կան կեան­քը:

Ա­սոնք են այն եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք կը միա­ւո­րեն մեզ՝ Իր­լան­տա­յի ժայ­ռե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի սա­րե­րը»,- եզ­րա­փա­կած է Օ­չոան՝ իր յօ­դո­ւա­ծը: