Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (Ա.Ա.Ծ.) ձերբակալած է Նոյեմբեր 25ին վնասազերծուած յանցաւոր խումբի 21 անդամներ: Անոնց նկատմամբ մեղադրանքներ առաջադրուած են «բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ»: Այս մասին «Արմենփրես»ի մամուլի սրահին մէջ յայ
տարարած է Ա.Ա.Ծ. քննչական վարչութեան պետի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան:
«Անոնց նկատմամբ առկայ է հիմնաւոր կասկած: Մենք միջնորդութիւն ենք ներկայացնելու այդ անձանց նկատմամբ՝ որպէս խափանման միջոց կալանք կիրառելու համար, սակայն այդ անձանց մեղաւորութեան հարցը դատարանի գործն է եւ վերջակէտը կը դրուի դատարանում: Նախաքննութեան այս փուլում մենք պէտք է քննութիւն իրականացնենք, արդիւնքները ի մի կը բերուեն եւ նրանց գործողութիւններին կը տրուեն քրէաիրաւական գնահատականներ»,- ըսած է Մ. Համբարձումեան:
Ա.Ա.Ծ. քննչական վարչութեան պետի տեղակալը շեշտած է, որ խումբին անդամներուն բաժնուած են հեռախօսահամարներ, որոնք գաղտնի եղած են, եւ անոնք կրցած են խօսիլ իրարու հետ: «Վնասազերծուել է խումբ, որն ունեցել է յստակ նպատակներ, ունեցել է յստակ մշակուած ծրագրեր: Ընտրուած են եղել յանցագործութեան թիրախներն ու կատարման եղանակները: Հասկանալի պատճառներով այս պահի դրութեամբ չեմ կարող մանրակրկիտ ասել, թէ ո՞ւմ դէմ ի՞նչ յանցագործութիւններ են ծրագրուած եղել: Նրանց կազմակերպուած յանցագործութիւնները միտուած են եղել քաղաքացիների, պետական, քաղաքական անձանց, իշխանութեան առանձին ճիւղերի ու պետական առանձին մարմինների դէմ»,- ըսած է Ա.Ա.Ծ. պետի տեղակալը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մարմիններու կողմէ իրականացուած քննչական աշխատանքներու արդիւնքով՝ բացայայտուած է կազմակերպուած յանցաւոր խմբակցութիւն, որ նպատակ հետապնդած է Հայաստանի տարածքին կազմակերպելու շարք մը ծանր յանցագործութիւններ: 2015 թուականին Հայաստանի քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեան գալով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռքբերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որոնք պահուած են Երեւան քաղաքի Նորք թաղամասի այդ նպատակով վարձու առնուած առանձնատան մէջ: Նոյեմբերի 25ին Ոստիկանութեան հետ համատեղ խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած էին տարբեր տեսակի ինքնաձիգներ, ատրճանակներ, նռնականետեր,նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքեր, կապի միջոցներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, ռազմական հանդերձանք, որոնց մէջ՝ զրահաբաճկոններ: Խուզարկութեան պահուն առանձնատան մէջ, Արթուր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, հաւաքուած եղած են յանցաւոր խմբակցութեան 9 անդամները, որոնք ձերբակալուած են: