-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-
Նոյեմբեր 25ին, Երեւանի Աւագանիի հերթական նիստին յաջորդած արտահերթ նիստի ժամանակ, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշած է, որ Երեւանի մէջ պիտի բացուի Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոցը: Երեւանի քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ Աւագանիի անդամներու քննարկ ման ներկայացուած է «Երեւանի գեղասահքի եւ տափօղակով հոքէյի մանկապատանեկան մարզադպրոց» համայնքային ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը «Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոց» (ՀՈԱԿ) անուանափոխելու մասին որոշման նախագիծը: Ներկայացնելով որոշման նախագիծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը` քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան մասնաւորապէս նշած է, որ «Բարեկեցութիւն» բարեգործական հիմնադրամը, որ կը հանդիսանայ Ծովակալ Իսակովի պողոտայի 27/10 հասցէին վրայ կառուցուած նոր մարզադպրոցի շինարարութեան պատուիրատուն, սոյն խնդրանքով դիմած է Երեւանի քաղաքապետին` յատկանշելով, որ գեղասահքի ողիմպիական եռակի, աշխարհի ու Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Իրինա Ռոտնինան իր անմիջական աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է գեղասահքի դպրոցի կառուցման գաղափարը կեանքի կոչելու հարցով: Բացի այդ, որոշման նախագիծի ներկայացման համար հիմք ծառայած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Իրինա Ռոտնինան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է մարզադպրոցը շահագործման յանձնելէ յետոյ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերել հայկական գեղասահքի զարգացման գործին: