«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (Ա.Ա.Ծ.) 25 Նոյեմբեր 2015ին, Նորք Մարաշի մէջ, Հայաստանի Ոստիկանութեան հետ կատարուած միացեալ խուզարկութիւններով՝ յայտնաբերած է յանցագործ խումբ մը, որուն մօտ գտնուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք:
Ա.Ա.Ծ.ի աղբիւրները յայտնած են, որ 1981 թուականին ծնած, 1997էն ասդին Սպանիա բնակող եւ այս տարուան Ապրիլէն ժամանակաւոր կերպով Երեւան հաստատուած Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Վարդանեան, Հայաստանի մէջ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու նպատակով, 2015 թուականին կազմած եւ ղեկավարած է յանցագործ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն մեծամասնութեամբ աշխատանք չունեցող Հայաստանի 19 քաղաքացիներ:
Ա.Ա.Ծ. մամլոյ կեդրոնէն յայտնած են, որ վերոյիշեալ յանցագործութիւնները կատարելու նպատակով խումբը ապօրինի կերպով ձեռք բերած է զէնք եւ ռազմամթերք, զորս պահած է Երեւան քաղաքի Նորքի 9րդ փողոց, 78րդ տուն հասցէով նախապէս այդ նպատակով վարձուած առանձնատան մէջ, ուր շուրջ մէկ ամիս խումբին անդամները կազմակերպած են հաւաքներ եւ մշակած գործունէութեան ծրագիրներ:
Կատարուած խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգներ, ատրճանակներ, նռնականետեր, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքաւորումներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, կապի միջոցներ ու այլ տեսակի զէնք եւ ռազմամթերք:
Արթուր Վարդանեանի կողմէ վարձուած տան մէջ գտնուած են 6 հատ «Ակ-74» տեսակի ինքնաձիգ, 4 հատ «Աքմ» տեսակի ինքնաձիգ, մէկ հատ «Թէ.Էն.Թէ.» տեսակի ատրճանակ, տարբեր տրամաչափի ընդհանուր 5261 փամփուշտներ, 2 հատ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր (խուզարկութեան պահուն միացուած էին, վնասազերծուած են), 1 հատ պայթեցման սարք, 1 հատ հակահրետանի բեկորային ական, մօտ 1200 կրամ «Թրոթիլ» պայթուցիկ նիւթ, մօտ 50 կրամ «Փլասթիտ» պայթուցիկ նիւթ, 11 հատ «Ֆ1» նռնակներ, 46 հատ «Ռգ» նռնակներ, 3 հատ «Ռգդ-5» նռնակներ, 2 հատ հակահրետանային նռնականետ, մեծ քանակութեամբ զինուորական զգեստ եւ այլն: Յայտնաբերուած են նաեւ Հայաստանի, Երեւանի եւ Գիւմրիի քարտէսներ, յատակագիծեր` նշումներով, գրականութիւն, որ կը հաստատէ յանցաւոր համագործակցութեան կողմէ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ կատարելու ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու փաստը:
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 223րդ յօդուածի առաջին եւ երկրորդ մասերով եւ 235րդ յօդուածի երրորդ մասով, կը կատարուի նախաքննութիւն:
Խումբին ղեկավարն ու անդամները ձերբակալուած են:
Բացայայտուած յանցագործ խումբի պարագլուխն ու խումբը կազմող Արթուր Վարդանեան «Հայոց Վահան» կազմակերպութեան հիմնադիրն է:
Դիմատետրի իր էջին վրայ եւ ընկերային ցանցին մէջ ան արձանագրուած է «Վարդանանց Իշխան» կեղծանունով եւ «Եութիուպ»ի միջոցով «Հայոց Վահան» անուան տակ տարածած է տեսանիւթեր, ուր խօսած է Քեսապի ազատագրութեան մէջ իբրեւ թէ իր մասնակցութեան մասին:
Այն բնակարանին մէջ, ուր ձերբակալուած է խումբը, գտնուած է երիտասարդ աղջկայ մը լուսանկարը, որ Դիմատետրի էջին վրայ արձանագրուած է իբրեւ Նելլի Մինասեան եւ տարածած է «Հայոց Վահան»ի խորհրդանշանին նկարը: Հոն կային նաեւ Հայաստանի պետական դրօշին վրայ «Հայոց Վահան»ի խորհրդանիշով բազմաթիւ նկարներ` փարատելով այն կասկածները, որոնց համաձայն, Հայաստանի Ա.Ա.Ծ.ի հաղորդագրութեան մէջ յիշատակուող Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, որ գալով Հայաստան՝ կազմած եւ ղեկավարած է յանցագործ խումբ մը, միեւնոյն «Հայոց Վահան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչն է: «Հայոց Վահան»ը Հայաստանի պետական տոմարի գործակալութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ «Հայոց Վահան մէկ» մարզամշակութային հասարակական կազմակերպութիւն` 24 Յուլիս 2015ին: Իսկ իբրեւ կազմակերպութեան համահիմնադիրներ արձանագրուած են Արթուր Վալերիկ Վարդանեան եւ Ստեփան Աշոտ Սումբուլեան: