Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ ու հրա­ւէ­րով՝ ­Նո­յեմ­բեր 25ին ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի մէջ իր աշ­խա­տան­քը սկսած է Եւ­րո­պա­յի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Հա­մա­գու­մա­րի (Ե.Ե.Հ.) ղե­կա­վար մարմ­նի ե­ռօ­րեայ ժո­ղո­վը:

­Մայր Ա­թո­ռի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` Ե.Ե.Հ. ժո­ղո­վը բա­ցո­ւած է ­Նո­յեմ­բեր 25ին ­Մայր Ա­թո­ռի Ս. ­Վար­դան եւ Ս. ­Յով­հան­նէս Մկր­տիչ մա­տու­ռին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթ­քի ա­րա­րո­ղու­թեամբ: Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դած է ­Հա­յաս­տա­նի Աս­տո­ւա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր քար­տու­ղար Եզ­նիկ Արք. ­Պետ­րո­սեան:

Այ­նու­հե­տեւ, ­Մայր Ա­թո­ռի «­Վա­չէ եւ ­Թա­մար ­Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է ա­ռա­ջին նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք ը­սած է ­Մայր Ա­թո­ռի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բա­ժի­նի տնօ­րէն ­Նա­թան Արք. ­Յով­հան­նի­սեան:

­Նա­թան Սր­բա­զա­նը, կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով ժո­ղո­վա­կան­նե­րու մէկ­տե­ղու­մը հա­մայն հայու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րոն ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ, ի մաս­նա­ւո­րի խօ­սած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­սած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու եւ կրած հա­լա­ծանք­նե­րու մա­սին: Սր­բա­զա­նը ընդգ­ծած է, որ հա­յոց ազ­գը քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով կրցաւ յաղ­թա­հա­րել այդ ա­մէ­նը եւ պահ­պա­նել իր քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թիւնն ու ար­ժէք­նե­րը: