Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՆո­յեմ­բեր 24ին «Ար­մե­նիա» Մի­ջազ­գա­յին Օ­դա­նա­ւա­կա­յան­ներ» ըն­կե­րու­թիւ­նը հա­ղոր­դած է, որ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը Քա­թա­րի օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան՝ «­Քա­թար Էյ­րո­ւէյզ»ի հետ: 2016ին ըն­կե­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի Տո­հա-Ե­րե­ւան թռիչք­ներ ի­րա­կա­նաց­նել:

Ն­շենք, որ վեր­ջին շրջա­նին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ա­րագ ըն­թացք ստա­ցան, երբ «Իթ­թի­հատ» ըն­կե­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ թռիչք­նե­րը դադ­րեց­նե­լու իր մտադ­րու­թեան մա­սին: «­Մենք շատ հպարտ ենք, որ Քա­թա­րի Ա­ւիաու­ղի­նե­րը, ո­րը ե­րեք տա­րի ա­նընդ­մէջ ճա­նա­չո­ւած է Տա­րո­ւայ Լա­ւա­գոյն Ա­ւիաըն­կե­րու­թիւն, ընտ­րել է Հա­յաս­տա­նը որ­պէս իր նոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րից մէ­կը»,- նշո­ւած է «Ար­մե­նիա» Մի­ջազ­գա­յին Օ­դա­նա­ւա­կա­յան­ներ»ու հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

«­Քա­թար Էյ­րո­ւէյզ»ը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մե­ծա­գոյն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է, ու­նի մեծ ցանց եւ ա­ւե­լի քան 140 ուղ­ղու­թիւն­նե­րով թռիչք­ներ կը կա­տա­րէ։