Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րու­թեամբ հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի (1666թ.) 350ա­մեա­կը եւ ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի (1817-1900թթ.) ծննդեան 200ա­մեա­կը ընդգրկո­ւած են հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու UNESCOի 2016-2017 թո­ւա­կան­նե­րու Օ­րա­ցոյ­ցին մէջ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն

Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թե­նէն։ Ո­րո­շու­մը կա­յա­ցո­ւած է ­Փա­րի­զի մէջ` UNESCOի կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ, ­Նո­յեմ­բեր 4-18 տե­ղի ու­նե­ցած Գլ­խա­ւոր ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի 38րդ նս­տաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին: Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած «Ոս­կան Ե­րե­ւան­ցիի տպագ­րու­թեամբ հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի (1666թ.) 350ա­մեակ»ի յայ­տը ստա­ցած է Ֆ­րան­սա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Նի­տըր­լանտ­նե­րու ­Թա­գա­ւո­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, իսկ ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան հետ հա­մա­տեղ ներ­կա­յա­ցո­ւած «­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի (1817-1900թթ.) ծննդեան 200ա­մեակ»ի յայ­տը` Ի­տա­լիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Այս­պի­սով, 1998 թուա­կա­նէն առ այ­սօր հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու UNESCOի Օ­րա­ցոյ­ցին մէջ նե­րա­ռո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած 21 յո­բե­լի­նա­կան տա­րե­թիւ: