Հեղինակաւոր GEO ամսագրի դեկտեմբերեան համարի հիմնական թեման կը վերաբերի Հայաստանին:
Յայտնի լրագրող Տմիթրի Կուպին, «Հայաստան. ապագայի դասեր» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ, կը պատմէ Հայաստան կատարած ճանապարհորդութենէն իր տպաւորութիւններու մասին` շեշտը յատկապէս դնելով Հայաստանի մէջ իրականացուող կրթական ծրագիրներու եւ առկայ կրթական ներուժի վրայ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» Հիմնադրամի (IDEA) հանրային կապերու բաժինը:
«Դասական Հայաստանը, ինչպէս կը գրէր Օսիբ Մանտելշթամ, քարէ տանիքներով եկեղեցիներու եւ «խռպոտ օքրայի» գոյնի լեռներու երկիրը, անսպասելիօրէն կը դառնայ... դպրոցներու երկիր: Ի՞նչ կը սորվեցնեն այնտեղ. Ապագան»,- կը գրէ հեղինակը:
Հրապարակման մէջ ան մասնաւորապէս կ’անդրադառնայ UWC Դիլիջան քոլէճին, «Թումօ» Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու Կեդրոնին` եզրակացնելով, որ «Հայաստանը մեզ կը զարմացնէ 25 տարի յետոյ»:
Նշենք, որ «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDEA) Հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած էր ռուսաստանցի լրագրողներու այցը, որու ընթացքին անոնք ծանօթացած էին Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: