Լ.Ղ.Հ. Մարտունի քաղաքի բնակելի նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլի մէջ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.amի, նշած է Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան եւ աւելցուցած, որ թաղամասին մէջ արդէն աշխատանքներ կը տարուին բարե կարգման ու շէնքերու արտաքին եւ ներքին յարդարման ուղղութեամբ:
«Բնակելի նոր թաղամասն ընդհանուր առմամբ ընդգրկում է քառայարկ չորս շէնք` 92 բնակարաններով, որոնք տրամադրուելու են Պ.Բ. զինծառայողների, սոցիալապէս անապահով եւ բազմազաւակ ընտանիքներին, իսկ մի մասն էլ հիփոթեքային վարկաւորմամբ է տրուելու»,- ըսած է Մ. Խաչատրեան: Նորակառոյց թաղամասի շինարարութիւնը իրականացնող «Ֆերզիտ» Ս.Պ. ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեան իր հերթին նշած է, որ ըստ նախագիծին՝ պիտի կառուցուի եւս չորս բազմաբնակարան շէնք:
«Նորակառոյց շէնքերի հարեւանութեամբ արդէն սկսուել է չորս շէնքերի շինարարութիւնը. որոնք նոյնպէս կառուցուելու են ըստ նոյն նախագծի։ Այս պահին ակտիւ շինաշխատանքներ են ընթանում»,- ըսած է Ա. Խաչատրեան:
Նշենք, որ Մարտունիի մէջ կառուցուող նոր բնակելի թաղամասի աշխատանքները կ՝իրականացուին Լ.Ղ.Հ. պետական պիւտճէի միջոցներով: