Մահացած է սիրուած դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեան: Այս մասին կը գուժեն Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութենէն՝ նշելով, որ դերասանուհին եղած է վատառողջ։ Հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան տեղին ու ժամին մասին տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան:
«Այս պահին ճշդումներ են արւում, քիչ անց բօթը կը տեղադրենք նախարարութեան պաշտօնական էջում»,- յայտնած են նախարարութենէն: Վարդուհի Վարդերեսեան ծնած էր 1928թ. Մարտ 19ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ: Եղած է դերասան, թատերագէտ Գէորգ Ապաճեանի կինը: 1946ի տեղափոխուել է Հայաստան: Առաջին բեմելը եղած է Նուբարաշէնի ինքնագործ թատրոնին մէջ: 1947ին ընդունուած է Լենինականի Դրամատիկական թատրոնի կից արուեստանոց եւ նոյն թուականէն խաղացած է թատրոնի մէջ: 1958 թուին տեղափոխուած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան թատրոն:
Կերտած է բազմաթիւ դերեր թատրոնի մէջ.- Շիրվանզադէի «Պատուի համար»` Մարգարիտ, Չեխովի «Բալենու այգի»` Ռանեւսգայա, Տիւրենմաթի «Ծեր տիկնոջ այցը»` Քլերի Ցախնասեան, Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է»` Ճոնի, Շանթի «Հին աստուածները»` Իշխանուհի եւ այլն: Խաղացած է նաեւ արեւմտահայ դերերու մէջ.- «Պաղդասար Աղբար»` Անոյշ եւ այլն: Նկարահանուած է «Պատուի համար», «Մօր սիրտը», «Ճանապարհ դէպի կրկէս», «Հայրիկ», «Կարինէ» եւ այլ շարժանկարներու մէջ:
Հայաստանի Ազգային ռատիոյի ոսկէ ֆոնտին մէջ ունի աւելի քան 100 ձայնագրութիւն: 1958էն նկարահանուած է հեռուստաներկայացումներու մէջ, ի դէպ` եղած է առաջին հեռուստաներկայացման դերասանուհիներէն:
1985ին հրաւիրուած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Ադամեան» թատրոն, ուր արժանացած է ոսկէ մետալի: Ստացած է բազմաթիւ պետական բարձրագոյն պատուոգրեր, մրցանակներ, շնորհակալագրեր: