Ազգային Ժողովի քառօրեայ նիստին ընթացքին, 2016ի պետական պիւտճէի նախագիծին մասին արտայայտուեցաւ Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Մինասեանի խօսքով` պիւտճէն ընդամէնը արտացոլացումն է երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական վիճակին, զոր պատգամաւորը որակեց «խայտառակ վիճակ»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այս վիճակը նաեւ կը յստակացնէ մարտահրաւէրները, եւ եթէ անկեղծ ու անմիջական քննարկումի առաջարկներ չդառնան անոնք, ելքեր կարելի չէ գտնել:
Պիւտճէին նախագիծը ցոյց կու տայ, որ երկրին տնտեսական վիճակը կայուն է, եւ որ երկրին մէջ գնաճի զսպման արդիւնաւէտ համակարգ չի գործեր, տնտեսական շուկաները կայացած չեն, որ ստուերային տնտեսութիւնը եւ կաշառակերութիւնը կը շարունակեն քանդել երկրին տնտեսական վիճակը: Եւ այդ ամէնը կ՛արտայայտուի գործազրկութեան, աղքատութեան, արտագաղթի ցուցանիշներուն մէջ: «Պէտք է ելքեր գտնել, մէկ լեզուով քննարկում կազմակերպել, ինչ որ ցաւօք չի գործադրուիր:
«Կառավարութեան անդամները կը գովաբանեն ձեռնարկուած գործողութիւնները, բայց երբ արդիւնքի պահը կու գայ, կը տեսնենք, որ դրական բաներ չունինք: Կը խօսուի ներդրումներու հայեցակարգի մասին, բայց չի խօսուիր, այն մասին, թէ այդ փաստաթուղթի կեանքի կոչման համար ինչպիսի խոչընդոտներ կան»,- ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ կարողական ներդրողները պէտք է գործունէութիւն տեսնեն, ո՛չ փաստաթուղթ:
«Եթէ մենք իրարու հետ չստեղծենք բազմակեդրոն մրցունակ պետութիւն ստեղծելու հայեցակարգ, մենք դատապարտուած ենք այս ձեւով խօսելու: Երբեք արկածախնդրական տնտեսական առաջարկներուն ընթացք մի՛ տաք պարզապէս ձեզ սիրաշահելու կամ չքննադատուելու մտահոգութեամբ»,- կառավարութեան դիմելով ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: