18 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին (Ե.Պ.Հ.) կազմակերպած «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրները» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի հանդիսաւոր բացումը:
Բացման խօսքը արտասանած է Ե.Պ.Հ.ի հայկական բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արծրուն Աւագեան: Ներկաներուն ողջունած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ Ե.Պ.Հ.ի նախագահ Արամ Սիմոնեան: Այս առիթով խօսք առած է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ անդրադարձած է հայերէն լեզուի միաւորման խնդիրին` շեշտելով միացեալ ուղղագրութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` կարեւոր նկատելով նման գիտաժողովի մը կայացումը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է երկու հիմնական խնդիրներու, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տարուի: Նախարար Յակոբեան հաստատած է, որ արեւմտահայերէնը մեր լեզուամշակութային հարստութիւնն է, մեր մշակոյթին հիմքը եւ պէտք է ըլլայ հայոց պետականութեան, ամբողջ հայ ժողովուրդի մնայուն հոգածութեան առարկան:
Ներկաներուն ողջունած է նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:
Գիտական զեկուցումներով հանդէս եկած են Հայաստանէն եւ սփիւռքէն նշանաւոր լեզուաբաններ: