Print
Category: Հայաստան-Արցախ

17 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պաշտ­պա­նու­թեան, անվը­տան­գու­թեան եւ օ­րի­նա­պա­հու­թեան մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւին ­Մար­տու­նի շրջա­նա­յին կեդ­ րոն: ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հան­դի­պում ու­նե­ցան ­Մար­տու­նի շրջա­նի վար­չա­կազ­մի ղե­կա­վա­րու­թեան, ­Մար­տու­նի քա­ղա­քի հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ա­ւա­գա­նիի ան­դամ­նե­րուն հետ, քննար­կե­ցին քա­ղա­քա­ցիա­կան պաշտ­պա­նու­թեան առն­չո­ւող տա­րա­տե­սակ հար­ցեր:

Ա­նոնք նաեւ ծա­նօ­թա­ցան տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­ցիա­կան պաշտ­պա­նու­թեան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին՝ նա­խան­շե­լով կա­տա­րո­ւե­լիք­ներն ու ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րը։ ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նշե­ցին, որ նմա­նա­տիպ այ­ցե­լու­թիւն­ներ շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ պի­տի կրեն եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ բազ­մա­կող­մա­նի, խոր ու հա­մա­պար­փակ կեր­պով լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել քա­ղա­քա­ցիա­կան պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ առ­կայ խնդիր­ներն ու բաց­թո­ղում­նե­րը, ստեղ­ծել հար­թակ՝ շա­հագր­գիռ բո­լոր կող­մե­րու կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ու ա­ռա­ջարկ­նե­րու քննարկ­ման հա­մար:

Այ­նու­հե­տեւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը այ­ցե­լե­ցին սահ­մա­նա­գիծ՝ գետ­նի վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար տի­րող կա­ցու­թեան:

­Յի­շեց­նենք, որ նոյն յանձ­նա­ժո­ղո­վին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ շա­բաթ­ներ ա­ռաջ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը այ­ցե­լած էին նաեւ ­Մար­տա­կեր­տի շրջան, ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար շրջա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հիւ­սի­սա­յին հա­տո­ւա­ծի սահ­ման­նե­րուն մէջ տի­րող կա­ցու­թեան: