«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմնի գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 18էն 22 կ’իրականացնէ 16րդ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը, որուն կնքամայրն ու կնքահայրն են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալքօ եւ Օ-տը-սէն նահանգի խորհուրդի նախագահ Փաթրիկ Տեւեճեան:
Վերջիններս այդ 5 օրերու ընթացքին պիտի քաջալերեն հայ համայնքը` նախաձաեռնութեան աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնեն Հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն:
Դրամահաւաքի ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի համայնքային կեդրոններու կառուցման, Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման ու ընդլայնման, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ ապաստանեալներու օգնութեան:
«Չարագործներու ձեռքով այսօր մեր երկիրը` Ֆրանսան, վիրաւոր է: Մենք կը սգանք: Նոյն դաժանութիւնը 1915ին տեսած մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէկ մասն ալ այսօր բարբարոսներու պատճառով հարկադրաբար կը լքէ իր տունը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ տարագիր ճամբայ կ՛որդեգրէ: Սա հարուած է քաղաքակրթութեան մը, որու հիմքին կան սէրը՝ մերձաւորին հանդէպ, յարգանքը՝ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ, հանդուրժողականութիւնն ու ազատութիւնը: Հայաստանն ու Արցախը նոյն քաղաքակըրթութեան կրողներն են: Մենք պէտք է պաշտպանենք այդ քաղաքակրթութեան սահմանները եւ աջակցինք այն տասնեակ հազարաւոր հայերուն, որոնք այսօր հրատապ օգնութեան կարիք ունին: Հեռախօսամարաթոն 2015ի կնքամայր Անն Իտալքոյի եւ կնքահայր Փաթրիկ Տեւեճեանի համաձայնութեամբ՝ մենք կ՛իրականացնենք մարդասիրական խոշոր այս ձեռնարկը, ինչպէս որ նախատեսուած էր: «Դուք մեզ չէք վախցներ» խօսքերը, որ գրուած են Փարիզի շէնքերու պատերուն, լիովին կ՛արտացոլան մեր դիքորոշումը»,- յայտարարած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի գլխաւորութեամբ կազմակերպուող համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնի այս տարուան բացումը ազդարարուեցաւ Նոյեմբեր 12ին, Փարիզի քաղաքապետարանի պալատին մէջ կայացած ճաշով: Դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը կը կազմակերպուի Ֆրանսայի Փարիզ, Մարսէյլ, Թուլուզ եւ Լիոն քաղաքներուն մէջ, ուր աւելի քան 600 կամաւոր 5 օր շարունակ հեռախօսով կը կապուին եւրոպաբնակ շուրջ 50.000 հայ ընտանիքներու հետ եւ հանգանակութիւններ կը հաւաքեն:
Աւանդոյթին համաձայն` հեռախօսամարաթոնի մասնակից երկիրներն են Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Զուիցերիան: Եւրոպայի մէջ գործող Հիմնադրամի միւս տեղական մարմինները (Մեծն Բրիտանիա, Աւստրիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ռումանիա, Յունաստան, Կիպրոս) իրենց երկիրներուն մէջ կը կիրարկեն սեփական դրամահաւաքի եղանակներ:
Յունաստանի մէջ «Հայաստան» Հիմնադրամի դրամահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 22 Նոյեմբերին այս տարուան համար յատուկ դասաւորումով, որ արդէն յայտարարուած է «Ազատ Օր»ի մէջ: