Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ժա­մեր վերջ, ար­դէն ­Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ կա­նու­խէն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նա­տան դի­մաց սկսան յայտ­նո­ւիլ ծաղ­կե­փուն­ջեր։ Ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­ներ, ա­ռան­ձին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պատուի­րա­կու­թիւն­ներ կը շտա­պէին Ֆ­րան­սա-­

Հա­յաս­տան ներ­կա­յաց­նող գլխա­ւոր հաս­տա­տու­թեան՝ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուր­դին։ Ֆ­րան­սա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան դի­մաց վա­ռո­ւած էին մո­մեր։ 

­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆ­րան­սա­յի ­Դես­պա­նա­տան մէջ կը բա­ցո­ւի ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րու գիրք

­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նա­տան մէջ ­Նո­յեմ­բեր 16ին՝ ժա­մը 14:00էն մին­չեւ ­Նո­յեմ­բեր 18ը ժա­մը 17:00, ­պի­տի բա­ցո­ւի ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րու գիրք: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նու­թե­նէն՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած բո­լո­րին: