Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կար­միր Խա­չի Մի­ջազ­գա­յին Կո­մի­տէի (Կ.Խ.Մ.Կ.) հո­վա­նիին տակ ատր­պէյ­ճա­նա­կան Ղա­զախ եւ հայ­կա­կան Ի­ջե­ւան քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ անց­նող ճա­նա­պար­հին` մի­ջազ­գա­յին սահ­մա­նի վրայ, Նո­յեմ­բեր 12ին տե­ղի ու­նե­ցած է սահ­մա­նը հա­տած 76ա­մեայ կնոջ վե­րա­դար­ձը:

Գոր­ծե­լով որ­պէս չէ­զոք միջ­նորդ եւ իր յանձ­նագ­րին հա­մա­ձայն` Կ.Խ.Մ.Կ. ա­ջակ­ցած է այս հայ­րե­նա­դարձ­ման` գոր­ծե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ: Մին­չեւ վե­րա­դար­ձը, կոր­սո­ւած հայ կի­նը Կ.Խ.Մ.Կ.ի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հա­ւաս­տիա­ցու­ցած է, որ կը վե­րա­դառ­նայ հայ­րե­նիք իր յօ­ժար կամ­քով»,- ը­սո­ւած է Կ.Խ.Մ.Կ. տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ Կո­թի գիւ­ղի բնակ­չու­հի Լու­սիկ Ա­բո­վեան 2015ի Նո­յեմ­բեր 8ին հա­տած էր մի­ջազ­գա­յին սահ­մա­նը` յայտնուե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: