Հակառակորդը կը շարունակէ տարբեր զինատեսակներու կիրառումով խախտել հրադադարը:
Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ մահացած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։
Այս մասին կը յայտնէ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը: Նշենք, որ Նոյեմբեր 9ին լոյս 10ի գիշերը սահմանագծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է մօտ 60 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ 60 միլիմեթրանոց ականանետէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 800 կրակոց:
Նոյեմբեր 7ին եւ 8ին, սահմանագծին հրադադարը խախտուած է մօտ 130 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ 60 միլիմեթրանոց ականանետէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց: