Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սիոյ գլխա­ւոր դա­տա­խազ­նե­րը, Նո­յեմ­բեր 11ին Սո­չիի մէջ ստո­րագ­րած են եր­կու եր­կիր­նե­րու գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ 2015-2017 թուա­կան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը:

Փաս­տա­թուղ­թով կը նա­խա­տե­սո­ւի եր­կու եր­կիր­նե­րու դա­տա­խա­զու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րու աշ­խուժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն` մաս­նա­գի­տա­կան ո­րա­կի բարձ­րաց­ման ուղ­ղո­ւած շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում,- կը յայտ­նէ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը: Կը նա­խա­տե­սո­ւի կազ­մա­կեր­պել «Փ­տա­ծու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ քրէա­կան գոր­ծե­րու քննու­թեան նկատ­մամբ դա­տա­խա­զա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան կազ­մա­կեր­պում եւ ի­րա­կա­նա­ցում, փտա­ծու­թեան ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րու կան­խար­գի­լում եւ փտա­ծու­թեան հա­կազ­դու­մի օ­րէնսդ­րու­թեան վեր­լու­ծու­թիւն» նիւ­թով փոր­ձի փո­խա­նա­կում, միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րու մշա­կում:

2016ին ա­ռաջ­նա­հերթ են քրէա­կան գոր­ծե­րով ի­րա­ւա­կան օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ «­Մար­դոց ա­ռեւ­տու­րի եւ ա­նօ­րի­նա­կան գաղ­թա­կա­նու­թեան փաս­տե­րու հի­ման վրայ յա­րուց-ւած քրէա­կան գոր­ծե­րու նկատ­մամբ դա­տա­խա­զա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան» վե­րա­բե­րեալ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը: Իսկ 2017ի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջո­ցով կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան նկատ­մամբ դա­տա­խա­զա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ դա­տա­վա­րու­թեան յա­տուկ կար­գով դա­տա­կան փոր­ձե­րու կի­րարկ­ման վեր­լու­ծու­թեան վե­րա­բե­րող նիւ­թեր: Պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է, որ Հա­յաս­տա­նի դա­տա­խազ­նե­րը վե­րա­պատ­րաս­տո­ւին Ռու­սիոյ դա­տա­խա­զու­թեան ա­կա­դե­միա­յին մէջ: