Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նը հրա­տա­րա­կած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քո­ւէի իր «Ա­յո՛»ն ­բա­ցատ­րող գրքոյկ, ո­րուն մէջ ը­սո­ւած է.-
«­Հա­յաս­տա­նի մէջ չես գտներ ոե­ւէ մարդ (բա­ցի քա­նի մը հո­գիէ), որ փո­փո­խու­թիւն չի ցան­կար ու չի պա­հան­ջեր: Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մո­զու­մով՝ փո­փո­խու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ խոր­քա­յին ու հա­մա­կար­գա­յին:
Յատ­կա­պէս այդ­պի­սին է կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը ար­մա­տա­պէս փո­խե­լը` կի­սա­նա­խա­գա­հա­կա­նէն ան­ցում կա­տա­րե­լով խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի: Անձ մը միւ­սով փո­խա­րի­նե­լը ո­չինչ կու տայ:
«­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից, այս քա­նի մը է­ջե­րուն մէջ կը փոր­ձենք հան­րա­մատ­չե­լի կեր­պով ներ­կա­յաց­նել այ­սօր գոր­ծող հա­մա­կար­գի բա­ցե­րը եւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը:
«­Կա­րե­լի է ար­ձա­նագ­րել, որ 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ին հան­րա­քո­ւէի դրո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու նա­խա­գի­ծին մէջ ամ­րագ­րո­ւած են Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը:
«­Ներ­կա­յաց­նե­լով սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու քա­նի մը հար­ցեր եւ լու­ծում­նե­րու առն­չու­թեամբ մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը` յոյս ու­նինք, որ ա­նոնք կ­՛օգ­նեն քեզ, յար­գե­լի՛ ընտ­րող, մաս­նակ­ցե­լու 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ի հան­րա­քո­ւէին եւ վճռա­կան «Ա­յո՛» ը­սե­լու նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան:

«­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից,

«6 դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­նա­լիք հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քին դո՛ւն պի­տի

որո­շես, թէ ինչ­պի­սի՛ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կ­՛ու­զես ապ­րիլ»: