«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքները կը շարունակուին: Ծրագրի իրականացման նպատակաուղղուած էին Հեռուստամարաթոն 2013ի եւ 2014ի հանգանակութիւնները: Խոշորածաւալ ձեռնարկը աւար տին հասցնելու նպատակով միջոցներ յատկացուած են նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեանց կողմէ: Ճանապարհի շինարարութիւնը կը շարունակուի Հիմնադրամի ռազմավարական եւ նպատակային ծրագրերուն զուգահեռ, եւ պիտի աւարտի 2016ի վերջաւորութեան:
Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումը կ’իրականանայ միաժամանակ հինգ ճանապարհաշինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ՝ 12 տեղամասով: Դժուար անցանելի շուրջ 116 ք.մ. երկարութեամբ ճանապարհը ունի 10 եւ աւելի մեթր լայնութիւն, որուն 7 մեթրը կը կազմէ ասֆալտապատ երթեւեկելի հատուածը: Նախորդ տարուան ընթացքին կառուցուած են արհեստական կառուցուածքներ, ինչպէս՝ ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր ու եզրաքարեր, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած են 17 մեծ ու փոքր կամուրջներ: Ներկայիս կ’ընթանան ճանապարհի ասֆալտապատման աշխատանքները: Բնակավայրերով անցնող հատուածներուն մէջ՝ մասնաւորապէս Գետաւանի եւ Եղէգնուտի մէջ, մայթեր կը կառուցուին:
Նոյեմբեր 1ի դրութեամբ ամբողջ ճանապարհը ունի աւելի քան 49 ք.մ. ասֆալտի երկշերտ ծածկոյթ: Մնացած հատուածներուն մէջ կ’իրականացուին ճանապարհի հիմնատակի կառուցման աշխատանքներ: Ձմրան շրջանին կ’իրականացուին նախապատրաստական աշխատանքներ, մասնաւորապէս խիճի, աւազի եւ այլ անհրաժեշտ նիւթերու պահեստաւորում, ինչպէս նաեւ ասֆալտ-բետոնէ գործարանի եւ ճանապարհաշինարարական մեքենաներու եւ սարքաւորումներու վերանորոգում եւ համալրում՝ գարնան աշխատանքները վերսկսելու նպատակով: Աւելորդ չէ նշել, որ շինարարութեան ամբողջ ընթացքին ճանապարհը երթեւեկելի եղած է նաեւ մարդատար մեքենաներու համար:
Ուղիղ կապ ապահովելով Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններու միջեւ, նոր մայրուղիի գործարկումը ոչ միայն զգալիօրէն կը կրճատէ այն ժամանակահատուածը, որը այսօր անհրաժեշտ է Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով մէկ հանրապետութենէն միւսին ուղեւորուելու համար, այլեւ կ’ամրապնդէ միջ-համայնքային կապերը, կը նպաստէ յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման, կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը՝ աշխուժացնելով մեր երկու հանրապետութիւններու սոցիալ-տնտեսական կեանքը: Ճանապարհը հնարաւորութիւն կուտայ նաեւ ծանօթանալու մեր պատմամշակութային յուշարձաններուն ու վայելելու հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը:
Նախորդ տարիներուն ճանապարհի մերձակայ համայնքներուն մէջ իրականացած են շարք մը ենթակառուցուածքներ.- Քարվաճառը եւ Գետաւանը ունին կանոնաւոր ջրամատակարարում, Չափարը, Վերին Հոռաթաղն ու Վաղուհասը՝ նորակառոյց դպրոցներ, եւ այսօր համայնքային կեդրոններ կը կառուցուին Գետաւան եւ Կոճողուտ գիւղերուն մէջ:
Բարեկարգ մայրուղիի առկայութիւնը հնարաւորութիւն կուտայ ոչ միայն կեանքի կոչելու շրջակայ համայնքներու կեանքն ու կենցաղը բարելաւող ընկերային-տնտեսական ենթակառուցուածքներ, այլեւ զարկ կուտայ զարգացման ծրագիրներուն՝ գիւղացիին ապահովելով կայուն եկամուտով, փոխելով անոր կեանքի որակը: