Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի նոր` «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը հայկական գիւղի տեղահանութենէն ետք իր ծննդավայրին մէջ մնացած միակ հայ բնակիչի մասին է: 2016 թուականին հանրութեան դատին յանձնուելիք ժապաւէնը, բեմադրիչին հաւաստիացումով, սիրոյ եւ անկէ ծնած ինքնազոհողութեան մասին է:
Բեմագրութեան հեղինակներն են Ծովինար Խաչատրեան եւ Մասիս Բաղտասարեան: Երաժշտութիւնը կը գրէ ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան:
«Արմէնփրես» նոր ժապաւէնին մասին զրուցած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի հետ:
«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին նկարահանումները արդեն աւարտած են
Իմ նախորդ`«Թեւանիկ» ժապաւէնին նկարահանումները աւարտելէ ետք սկսայ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին աշխատանքները:
Վերջինիս նախագիծը նախորդ տարի` «Թեւանիկ» ժապաւէնին հետ ներկայացուցած էի Քաննի 67րդ փառատօնի շարժանկարի շուկային: «Թեւանիկ» կը նկարագրէ պատերազմական իրավիճակի մէջ յայտնուած գիւղի երեք պատանիներու մէկ օրուան կեանքը: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները ծայրայեղ լարուած պատերազմական իրավիճակի մէջ յայտնուած եօթանասունն անց մարդիկ են:
Միջազգային համագործակցութեան արդիւնք ժապաւէն մը
Այս անգամ ուզեցի ստեղծել ժապաւէն մը, որ ծնունդ կ’առնէ միջազգային համագործակցութեան արդիւնքով: Ժապաւէնին մէջ իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են դերասաններ, որոնք մեծ ճանաչում ունին աշխարհի տարբեր մասերու մէջ: Մեր հայ ճանչցուած եւ սիրուած դերասաններու` Ալեքսանդր Խաչատրեանի, Սօս Ջանիբեկեանի հետ գլխաւոր հերոսներու դերերը կը խաղան աշխարհահռչակ դերասան Հոմայուն Էրշատին` Իրանէն եւ Լիթվայէն մեծ ճանաչում ունեցող դերասանուհի Սանտրա Տաուկշայտէն: Մեր միւս շատ սիրելի հայ դերասաններուն` Բաբկէն Չօբանեանի, Նարինէ Պետրոսեանի, Էլֆիք Զոհրաբեանի կողքին կը խաղան նաեւ Տիմիթրա Խաթուփին` Յունաստանէն, Աննէ Պետիանը` Ա.Մ.Ն.էն, Արմէն Գրիգորեանը (Գրէյգը)` Ռուսիայէն:
Ժապաւէնը հայկական գիւղի մէջ մնացած միակ հայ բնակիչի մասին է
Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 1988-89 թուակակններու դէպքերը: Պատմութիւնը հայկական գիւղի տեղահանութենէն ետք ծննդավայրին մէջ մնացած միակ հայ բնակիչի մասին է: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին նիւթը կապուած է Արցախի, Սումգայիթեան ողբերգութիւն հետ, որոնք իրենց հետքը ձգած են հազարաւոր մարդոց ճակատագիրներուն վրայ: Մարդոց հետ տեղի ունեցած են բազմաթիւ պատմութիւններ, որոնք համամարդկային տարողութիւն ունին: Պէտք է ուղղակի նկատել, պատմել...
Բարդութիւններ, դժուարութիւններ
Բաւական բարդ աշխատանքային օրեր ունեցած ենք, դժուարութիւններու շատ հադիպեցանք, բայց կրցանք յաղթահարել: Առաջին հերթին, ի հարկէ, ժապաւէնի նիւթն (սիւժէն) էր, որ մարդոց գրաւեց: Ժապաւէնի բոլոր դերասանները սիրեցին պատմութիւնը, գաղափարը եւ սիրով ցանկացան խաղալ իրենց առաջարկուած կերպարները: Ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն էր ունենալ այսպիսի խումբ: Միայն հաղորդակցութիւնը արդէն խնդիր էր, կը հաղորդակցէինք քանի մը լեզուներով: Բոլոր խնդիրները լուծուեցան շնորհիւ ֆիլմի աշխատակազմի բարձր արհետսավարժութեան եւ բծախնդիր աշխատանքին:
Արցախեան նկարահանումներ
Նկարանումները իրականցուցինք Արցախի, իմ հայրենի գիւղին` Խաչմաչի մէջ: Գիւղի պատկերը ես շատոնց նախագծած էի իմ մտքիս մէջ` որպէս այս ժապաւէնին գործողութիւններու վայրը, եւ անիկա յաջողութեամբ ի կատար ածեցինք: Ժապաւէնին նկարահանումները սկսանք այս ամրան` Օգոստոս 8ին եւ աւարտեցինք Օգոստոս 30ին: Մեր պատրաստուածութիւնը թոյլ տուաւ 22 օրուան մէջ իրակացնելու լիամետրաժ ժապաւէնի նկարահանումները: Այժմ ժապաւէնը յետ-արտադրական փուլին մէջ է` մոնտաժային, ձայնային աշխատանքներ, երաժշտութիւն եւ այլն:
Սերժ Թանկեան ժապաւէնի երգահանն է
Ժապաւէնին երգահանը բոլորիս շատ սիրելի մարդ, երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանկեանն է, որ այժմ երաժշտութեան արարման ճանապարհին է: Վստահ եմ, որ հիանալի աշխատանք պիտի ըլլայ` համահունչ ժապաւէնի իրադարձութիւններուն եւ ըսելիքին: Ես ալ մեծ ակնկալիքով կը սպասեմ մեր յետ-արտադրական աշխատանքներու աւարտին: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը պատրաստ պիտի ըլլայ եւ հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի 2016 թուականի գարնան:
«Վերջին բնակիչը» եւ «Թեւանիկ»
Եթէ համեմատենք իմ երկու ժապաւէններս, ապա նմանութիւններ կը գտնենք: Երկուքն ալ առնչութիւն ունին Արցախի հետ, դէպքերը պատերազմական նոյն պատմական իրադարձութիւններու ֆոնին (խորապատկերին) կը ծաւալին, բայց երկուքին պատմութիւնները մէկը միւսէն խիստ տարբեր են: Կը յուսամ, որ հանդիսատեսը կը սիրէ նաեւ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը:
«Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը սիրոյ եւ անկէ ծնունդ առնող ինքնազոհողութեան մասին է: Ատիկա յոյս կու տայ, որ հակամարտութիւններէ բզկտուող աշխարհին մէջ կեանքը կը շարունակուի:
Բայց ժապաւէնը պատմելը իմաստ չունի, պէտք է դիտէ՛ք: