Վերջին 10 տարիներու ընթացքին 87.986 հոգի Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է: Մինչ 2009ին 4323 հոգիի շնորհուած է քաղաքացիութիւն, 2010ին այդ թիւը գրեթէ կրկնապատկուելով՝ հասած է 9588ի: Սակայն, 2011էն սկսեալ, երբ սկսան հասնիլ Սուրիայէն առաջին գաղթողները, այդ թիւը զգալի կերպով բարձրա ցած է, հասնելով՝ 14.992ի: Ամէնէն բարձր ցուցանիշը արձանագրուած է 2013ին՝ 21.142ով, որ ուղղակի առնչուած է սուրիահայերու հոսքին: Այդուհանդերձ, 2014էն սկսեալ կը նշմարուի թեթեւ նահանջ մը՝ 13.252ով. երեւոյթ մը, որ 2015ի առաջին տասը ամիսներուն ալ հաստատուած է, քանի Հոկտեմբերի վերջաւորութեան միայն 7540 հոգի քաղաքացիութիւն ստացած էր: