Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սերժ Սարգ­սեան Նո­յեմ­բեր 5ին ըն­դու­նեց Չե­խիոյ կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ, Փ­րա­կա­յի Ար­քե­պիս­կո­պոս Կար­տի­նալ Տո­մի­նիք Տու­քան:
Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է հիւ­րը, որ, ա­նոր խօս­քով, հայ ժո­ղո­վուր­դի լա­ւա­գոյն բա­րե­կամ­նե­րէն է եւ մշտա­պէս սպա­սո­ւած հիւր է Հա­յաս­տա­նի մէջ: Սերժ Սարգը­սեան ջեր­մու­թեամբ յի­շած է Կար­տի­նալ Տու­քա­յի հետ իր նա­խորդ հան­դի­պումն ու գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տած, որ հայ-չե­խա­կան տար­բեր մա­կար­դա­կի հան­դի­պում­նե­րէն ետք երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման նոր լիցք կը հա­ղոր­դո­ւի եւ կը շա­րու­նա­կո­ւի աշ­խոյժ զար­գա­նալ: Նա­խա­գահ Զե­մա­նի հետ իր հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ձեռք­բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նի մէջ Չե­խիոյ դես­պա­նու­թեան բա­ցու­մը եւս, նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, զգա­լիօ­րէն կը նպաս­տէ հայ եւ չեխ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան, եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին: «­Լի­նե­լով քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան կրօն աշ­խար­հում ա­ռա­ջինն ըն­դու­նած պե­տու­թիւն` մենք մե­ծա­պէս ար­ժե­ւո­րում ենք աշ­խար­հըն­կալ­մամբ մեզ մօտ կանգ­նած ժո­ղո­վուրդ­նե­րի հետ հո­գե­ւոր կա­պի եւ փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ընդ­լայ­նու­մը: Ան­կաս­կած, չեխ ժո­ղո­վուր­դը նրանց թո­ւին է պատ­կա­նում: Այդ տե­սան­կիւ­նից մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րում եւ բարձր եմ գնա­հա­տում ձեր այ­ցը Հա­յաս­տան»,- ը­սած է նա­խա­գահ Սարգ­սեան:
Հան­դի­պու­մին եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րո­ւած է հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ չեխ կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ առ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին մթնո­լոր­տը, ուր, ըստ նա­խա­գա­հին, անգ­նա­հա­տե­լի է Կար­տի­նալ Տու­քա­յի դե­րը: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նած է Փ­րա­կա­յի Սուրբ Հո­գի ե­կե­ղե­ցին հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ծխա­կան հա­մայն­քին տրա­մադ­րե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ` այդ քայ­լը մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն հա­մա­րե­լով Չե­խիոյ հայ հա­մայն­քի կեան­քին մէջ, ա­նոնց հա­ւատ­քի եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն: «­Շատ ու­րախ եմ, որ ին­ծի ա­ռիթ ըն­ձե­ռո­ւե­ցաւ այ­ցե­լե­լու Հա­յաս­տան` եր­կիր մը, որ ոչ միայն ա­ռա­ջի­նը ըն­դու­նած է քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան կրօն, այ­լեւ ու­նի հա­րուստ հնա­գոյն պատ­մու­թիւն ու մշա­կոյթ եւ ժո­ղո­վուրդ մը, որ այդ ա­մէ­նուն կրողն է եւ մե­ծա­գոյն յար­գանք կը ներշն­չէ»,- ը­սած է Չե­խիոյ կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Փ­րա­կա­յի Ար­քե­պիս­կո­պո­սը: