Հիմնովին կը վերանորոգուին 1973 թուականին կառուցուած շէնքի երեք մասնաշէնքերը (4958 ք.մ.): Թեքահարթակներու կառուցումն ու վերելակի տեղադրումը ոչ միայն հնարաւորութիւն կուտան յենաշարժողական խնդիրներ ունեցողներուն ուսանելու հոն, այլեւ կը դիւրացնեն սաներու տեղաշարժը կրթօջախէն ներս: Իսկ նոր կառուցուող բեմահարթակը ժամանակակից որակ կը հաղորդէ համերգասրահին:
Վերանորոգումէն անմասն չի մնար նաեւ շէնքի ներքին բակը. կ’արդիականացուի լուսաւորութիւնը, կը տեղադրուին տաղաւարներ ու նստարաններ, որը դպրոցի շրջակայքը յարմարաւէտ ու գեղեցիկ դարձնելէ բացի, առաւել գրաւիչ պայմաններ կը ստեղծէ ուսման եւ ժամանցի համար:
Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութիւնն ալ իր ներդրումը ունեցած է ծրագրին՝ 10.000 Ա.Մ.Ն. տոլար արժողութեամբ երաժշտական գործիքներ նուիրաբերելով մասնագիտական դպրոցին:
Նախորդ տարիներուն Հիմնադրամը տարբեր ծրագրերով աջակցած է այս կրթօջախին: 2011թուականին Հիմնադրամի Զուիցերիայի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ հիմնուած է աուդիո-վիզուալ տարրալուծարան՝ անհրաժեշտ սարքաւորումներով, ձայնադարանով ու երաժշտական գործիքներով: Վերանորոգումէն ետք մասնագիտական այս սենեակը կը գործէ արդիականացած պայմաններով: 2012 թուականին ալ Հիմնադրամի Աւստրալիայի տեղական մարմինը աջակցած է դպրոցի կահաւորման:
2014 թուականին կրթօջախը հանդիսաւորութեամբ տօնեց հիմնադրման 75ամեակը: 1939 թ. հիմնուած դպրոցին մէջ այսօր կ’ուսանի աւելի քան 600 աշակերտ, որոնք հանրակրթականին զուգահեռ բարձրակարգ երաժշտական կրթութիւն կը ստանան դպրոցին մէջ: Մեծանուն յօրինող Արամ Խաչատըրեան հարուստ աւանդոյթներով այս կրթօջախը անուանած է երաժիշտներու դարբնոց: Դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեանի խօսքով՝ տասնամեակներ շարունակ իրենց սաները կը մասնակցին ազգային ու միջազգային մրցոյթներուն, շատերն ալ յաջողութեամբ հանդէս կուգան համաշխարհային բեմերէ: Տնօրէնը հպարտութեամբ կը նշէ, որ դպրոցի հիմնը հեղինակած է դպրոցի սան Ալեքսանդր Յարութիւնեան: