Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մինչ տարբեր քաղաքական գործիչներ ու փորձագէտներ կը քննարկեն Քազանեան հանդիպման մանրամասնութիւններն ու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերու ու միջնորդներու հետագայ նախաձեռնութիւնները, Արցախի մէջ ժողովուրդը հանգիստ եւ խաղաղ կÿապրի իր ամէնօրեայ կեանքը, շարունակելով ստեղծել ապահով ու կայուն պայմաններ:

Երէկ առաւօտեան  ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 27ին, Ասկերան շրջանային կեդրոնին մէջ մասնակցած է նոր մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Երկրին ղեկավարը կարեւոր համարած է մարզական նման կառոյցներու դերակատարութիւնը՝ շրջանային կեդրոններու եւ շրջաններու մէջ մարմնակրթութեան զարգացման եւ առողջ սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:
Բակօ Սահակեան նուէրներ յանձնած է մարզադաշտի շինարարութեան մասնակցութիւն բերած խումբին: Նախագահին հետ բացման հանդիսութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Ըստ Ալիեւի՝ Պատերազմը Չէ Աւարտած

Կիրակի, Յունիս 26ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան նուիրուած զօրահանդէսին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Պաքուի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն ատրպէյճանական բանակը առաւել եւս հզօրացնելու համար, որովհետեւ, Ալիեւի խօսքով, պատերազմը դեռ չէ աւարտած, այլ աւարտած է անոր առաջին մասը:
«Սպառազինութիւններու եւ թեքնիք կազմածներու գնումը պիտի շարունակուի։ Մենք ժամանակակից օդանաւեր, հրթիռային սարքեր, ռազմական փոխադրութեան ուղղաթիռներ կը գնենք: Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ՝ բանակի կարողականութիւնը բարձրացնելու համար. մենք պատերազմի պայմաններու մէջ կ՛ապրինք։ Այն երկիրը, որ կ՛ապրի պատերազմի պայմաններու մէջ, պէտք է առաջին հերթին ուշադրութիւն դարձնէ ռազմաշինութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այսօր Ատրպէյճանի պետական ամավարկին մէջ ռազմական նշանակութիւն ունեցող   ծախսերը առաջին դիրքի վրայ են։
Ալիեւ ընդգծեց նաեւ, թէ Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը» պէտք է ապահովուի։ «Ղարաբաղի նման բըռնագրաւուած մեր հողերուն համար, եթէ պէտք ըլլայ, կրկին կը պատերազմինք», յայտարարեց Ալիեւ, միաժամանակ աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք այս ոլորտին մէջ դիւանագիտական ջանքերը»:
Ալիեւ նաեւ նշեց, թէ այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճան 3.3 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ ռազմական ոլորտին մէջ, մինչ այդ գումարը 2.15 միլիառ տոլար էր տարի մը առաջ, իսկ 2003ին՝ 160 միլիոն տոլար:
Յատկանշական է, որ Քազանի գերաստիճանէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած եւ Պաքուի «Ազատլըք» հրապարակին վրայ կայացած զօրահանդէսի տողանցքին մասնակցեցան 4 հազար զինուորներ եւ 400 զինուորական մեքենաներ ու կառքեր, որոնց միջեւ կը գտնուէին նաեւ հրասայլեր, ռուսական S300 տիպի հրթիռներ ու Թուրքիայէն գնուած Քոպրա վաճառանիշով զրահաւոր կառքեր։
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, այս մէկը Ատրպէյճանի անկախութենէն ի վեր ռազմական մեծագոյն տողանցքն էր:

«Ատրպէյճանի մէջ ռազմական տողանցքի կազմակերպումը պատահական չէր»
կը գնահատեն փորձագէտները


Ինչո՞ւ Քազանի մէջ փաստաթուղթը չստորագրուեցաւ։ Եռանախագահներու հանդիպումէն յետոյ քաղաքագէտները եւ վերլուծաբանները կը փորձեն պատասխանել այս հարցումին ու հասկնալ, թէ կողմերէն ո՞վ, ի՞նչ շահեցաւ կամ կորսնցուց:
Քաղաքագէտներ Սուրէն Զոլեանի ու Յարութիւն Մեսրոպեանի կարծիքով՝  հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած ռազմական տողանցքը պատահական չէր:
Սուրէն Զոլեանը առանձնայատուկ անդրադարձաւ տողանցքին եւ Ալիեւի ելոյթին, դիտել տալով որ այն ռազմատենչ էր ու հիմք տուաւ կարեւոր եզրակացութեան մը. թէ մենք այժմ  պէտք է գիտակցինք, որ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ փուլային տարբերակէն ու կը նախընտրէ պատերազմը:
Ըստ քաղաքագէտին Քազանը դարձաւ կիզակէտ, որովհետեւ այս հանդիպման առիթով առաջին անգամ ԱՄՆ-ի նախագահը օգտագործեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ հասկացութիւնը: “Օպաման այն մարդը չէ, ով պատահականօրէն պիտի կիրառէր այս կապակցութիւնը, ժողովուրդն էլ էթնիկ խումբը չէ... Այսինքն, այս կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղին տրւում է մի կարգավիճակ, որը ենթադրում է ինքնորոշման իրաւունք: Այսպիսի բաները պատահական չեն լինում» կÿըսէ Զոլեանը:
Յ. Մեսրոպեանը կը նշէ թէ «Յաղթող կողմը պէտք է տարածքներ վերադարձնի, մինչդեռ պատերազմը                  սկսել է Ատրպէյճանը, իսկ դրա համար նա ոչ մի պատիժ չի կրել: Ո՞րն է լինելու պատիժը»: