Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեանն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նը Ե­րեք­շաբ­թի օր ըն­դու­նած են ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի ու Վ­րաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րով Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հեր­պերթ ­Զալ­պե­րը: Հ.Հ. նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին փո­խան­ցու­մով` նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ընդգ­ծած է, որ այ­սօր ա­ւե­լի քան եր­բեք կա­րե­ւոր է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րոշ­ման պահ­պա­նու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման հար­ցին մէջ, ինչ­պէս նաեւ տագ­նա­պին հա­մա­պար­փակ լուծ­ման հա­մար բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը:

­Դես­պան ­Զալ­պեր, կա­րե­ւոր նկա­տե­լով տագ­նա­պի շու­տա­փոյթ խա­ղաղ լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, վստա­հե­ցու­ցած է, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու է շա­րու­նա­կե­լու շրջա­նին մէջ իր հա­ւա­սա­րակըշ­ռո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հեր­պերթ ­Զալ­պե­րի հետ շուրջ չորս ա­միս ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խորդ հան­դի­պու­մէն ետք տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին, նշած է, որ այդ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին լա­րուա­ծու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ լրջօ­րէն ա­ճած է` ուղ­ղա­կիօ­րէն սպառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թեան: ­Սերժ ­Սարգսեան ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տան պատ­րաստ է շա­րու­նա­կե­լու կա­ռու­ցո­ղա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` ի նպաստ շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման ու ամ­րապնդ­ման:

«­Հիւ­րին խնդրան­քով՝ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր մօ­տե­ցում­նե­րը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: ­Նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ ի­րա­ւա­սու մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ժա­մա­նա­կին ու հաս­ցէա­կան, այլ ոչ թէ ընդ­հան­րա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն առն­չու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ձեռ­նար­կու­մը յա­տուկ մի­ջոց­նե­րու, ո­րոնք կը կան­խեն հե­տա­գայ ո­րե­ւէ սադ­րանք: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կուս­տեք ընդգ­ծուած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը զի­նո­ւո­րա­կան լու­ծում չու­նի, եւ ա­տի­կա կրնայ լու­ծո­ւիլ միայն կող­մե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի փոխ-զի­ջում­նե­րու հի­ման վրայ»,- կը յայտ­նէ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւ­րը: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տուու­թեան վար­չու­թեան փո­խան­ցու­մով` Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ու ­Հեր­պերթ ­Զալ­պեր կա­րե­ւոր նկա­տած են Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ Եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին ­Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­ւա­կան հիմք ձե­ւա­ւո­րե­լու շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու լիա­զօ­րա­գի­րի տրա­մադ­րու­մը: «­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան յոյս յայտ­նեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ մշա­կո­ւի փաս­տա­թուղթ մը, որ կ­՛ար­տա­ցո­լայ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն փոխ-շահաւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր մա­կար­դա­կի բարձրացնելու միա­ցեալ յանձ­նա­ռու­թիւնը եւ ուրուագ­ծէ փո­խա­դարձ հետաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող մար­զե­րուն մէջ հա­մա­պար­փակ փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»,- ը­սուած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: