Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հան­դի­պում մը սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու նա­խա­գի­ծի հան­րա­քո­ւէին առն­չո­ւող քա­րո­զար­շաւ կա­տա­րե­լու կո­չո­ւած մար­մին­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: Լ­րագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի

ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ո­րո­շո­ւած է մար­զե­րուն մէջ կազ­մա­կեր­պել 3-4 հան­դի­պում­ներ, ո­րոնք պի­տի սկսին յա­ջորդ Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը: Ըստ ա­նոր, ընդ­հա­նուր առ­մամբ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ շուրջ 100 ղե­կա­վար­ման մար­մին­ներ տար­բեր մար­զե­րու մէջ: Վար­դա­նեան յայտ­նած է, որ 2 Նո­յեմ­բե­րին ար­դէն բա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի քա­րո­զար­շա­ւի հիմ­նադ­րա­մին: Քա­րո­զար­շա­ւը պի­տի կա­տա­րեն յա­տուկ այդ նպա­տա­կով կազ­մո­ւած հինգ քա­րոզ­չա­կան խում­բեր, զորս պի­տի ղե­կա­վա­րեն Ար­մէն Ռուս­տա­մեան, Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան, Լե­ւոն Մկրտ­չեան, Ար­սէն Համ­բար­ձու­մեան եւ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան: