Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան անդ­րա­դար­ձած է սահ­մա­նա­յին կա­ցու­թեան եւ հաս­տա­տած, որ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ եւ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը վե­րահս­կե­լի է, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին սահ­մա­նին վրայ հա­կա­ռա­կոր­դին աշ­խու­ժու­թիւ­նը նո­ւա­զած է:

«­Վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին խո­շոր տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րէ` յատ­կա­պէս ա­կա­նա­նե­տե­րէ, կրա­կոց­նե­րը շատ քիչ են»,- յայտ­նած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ սահ­մա­նին վրայ յա­րա­բե­րա­կան հան­դար­տու­թի՞ւն ըլ­լայ, թէ՞ լա­րո­ւա­ծու­թիւն, հայ­կա­կան զի­նու­ժը, յատ­կա­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի անձ­նա­կազ­մին հետ կը վե­րահս­կէ կա­ցու­թեան: «­Մենք մեր ժո­ղո­վուր­դին կրնանք ը­սել, որ ի­րա­վի­ճա­կը հա­մե­մա­տա­բար հան­դարտ է: Կը կար­ծեմ, որ ա­տի­կա կա­րե­լի է կա­պել տար­բեր գոր­ծօն­նե­րու հետ, ինչ­պէս նաեւ մեր դրա­ցի երկ­րի ներ­քին խնդիր­նե­րուն` ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հետ: Իսկ մեր զի­նո­ւո­րա­կան ուժն ալ պատ­րաստ է ո­րե­ւէ զար­գա­ցու­մի»,- ա­ւել­ցու­ցած է նա­խա­րա­րը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն դի­տարկ­ման, թէ տա­րե­վեր­ջին կը սպա­սո­ւի Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում, իսկ նման հան­դի­պում­նե­րէն ա­ռաջ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը սահ­մա­նին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կը հրահ­րէ` նա­խա­րա­րը դի­տել տո­ւած է.- «­Փոր­ձը ցոյց տո­ւած է, որ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ ոչ միշտ, բայց շատ դէպ­քե­րու պա­րա­գա­յին լա­րո­ւա­ծու­թիւն տի­րած է: Այս ան­գամ ալ հա­մա­պա­տաս­խան գնա­հա­տում կ­՛ի­րա­կա­նաց­նենք: Ա­ռա­ջին գի­ծին վրայ կա­տա­րո­ւող մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թեան հիմ­նա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը ուղ­ղո­ւած են ա­նոր, որ­պէս­զի ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի գնա­հատ­ման ար­դիւն­քով մենք պատ­շաճ ո­րո­շում­ներ տանք»:

Նա­խա­րա­րը նաեւ հաս­տա­տած է, որ ար­դէն հա­սած է ժա­մա­նա­կը մի­ջազ­գա­յին հե­տաքն­նա­կան պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի գօ­տիին մէջ զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը խախ­տող կող­մը ո­րո­շե­լու հա­մար: Նա­խա­րար Օ­հա­նեա­նի հա­մա­ձայն, պայ­ման է թի­րա­խա­ւո­րել եւ յստակ գնա­հա­տա­կան տալ այն կող­մին, որ կը խախ­տէ զի­նա­դա­դա­րը: «Ե­կած է ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի գնա­հա­տա­կան­նե­րը, հար­ցադ­րում­նե­րը թի­րա­խա­յին ըլ­լան այն կող­մին հա­մար, որ կը խախ­տէ զի­նա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը: Ես կը կար­ծեմ, որ ե­կած է ժա­մա­նա­կը մի­ջազ­գա­յին հե­տաքն­նա­կան մե­քա­նիզմ ներդ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ պար­զել, թէ ո՛ր կող­մը կը խախ­տէ զի­նա­դա­դա­րը»,- յայտ­նած է նա­խա­րա­րը: Սէյ­րան Օ­հա­նեան ա­ւել­ցու­ցած է, որ այս տա­րի­նե­րուն Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի աշ­խա­տան­քը մե­ծա­պէս նպաս­տած է յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման, որ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւի: