Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Իւրաքանչիւր հայ զինուորի կեանքին համար հայկական կողմի պատասխանը անհամաչափ պիտի ըլլայ» կը յայտարարէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը


Անցեալ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի բանակի երկու զինուորներ զոհուեցան: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքին, ատրպէյճանցի արձակազէններու կրակոցներէն ԼՂՀ  հարաւ-արեւելքը գտնուող պաշտպանական դիրքերուն վրայ զոհուած են ժամկէտային զինուոր-ներ Արէն Սիմոնեան եւ Միհրան Մարգարեան: Անոնք երկուքն ալ 19 տարեկան էին:


ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Իւրաքանչիւր հայ զինուորի կեանքին համար հայկական կողմի պատասխանը անհամաչափ պիտի ըլլայ»: Ըստ անոր, եթէ այդ պատասխանին իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական կողմը կորուստներ կրէ, ապա անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը իրենց կը պատկանի:
«Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը չի մտածեր իր զինուորներու կեանքին մասին: Ստիպուած ենք անմիջապէս Ատրպէյճանի բնակչութեան յիշեցնել, որ ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա իւրաքանչիւր հայ զինուորի կեանքին համար հայկական կողմի պատասխանը անհամաչափ պիտի ըլլայ, իսկ Արցախի պաշտպանութեան բանակի անհամաչափ պատասխանի քանակական ցուցանիշները քաջ յայտնի  են Ատրպէյճանի զինուած ուժերու անպատասխանատու հրամանատարութեան»։
Դաւիթ Կարապետեան նշեց, որ հայկական կողմը քանի անգամ դրական արձագանգ տուած է արձակազէնները հայկական եւ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծէն դուրս բերելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան կոչերուն, մինչդեռ Ատրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ կը դիմէ արկածախնդրութիւններու:
Այս տարուան ընթացքին հայկական  պատժիչ գործողութիւններուն հետեւանքով  42 ատրպէյճանցի զոհ յառաջացած է: